«ԹՈՒՐՔԻԱ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԷՆ ԱՆՋԱՏՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ Կ՛ԱՐՏՕՆԷ ԻՐ ՀՈՂԱՄԱՍԵՐԷՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ ԳՈՐԾԵԼ» ԿԸ ԳՐԷ «ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ ամերիկացի դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտի Դամասկոս վերադառնալու թուականը տակաւին յստակ չէ: Պաշտօնատարը սուրիական կառավարութենէն պահանջեց երաշխաւորել, որ դեսպանը պիտի արժանանայ միջազգային դիւանագիտական համաձայնութեանց հիմամբ կառավարութեան ապահովական պաշտպանութեան:

Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նոլընտի` այս հարցով կատարած յայտարարութիւնը պարզապէս կը հաստատէ դեսպանին վերադառնալու մտադրութիւնը, սակայն ատոր համար ճշգրիտ թուական մը չէ ճշդուած: Նոլընտ յայտարարած էր, որ Ֆորտ Դամասկոս պիտի վերադառնայ Գոհաբանութեան տօնէն առաջ:

Միւս կողմէ, ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը իր երէկուան թիւին մէջ կը գրէ, որ թրքական կառավարութիւնը սուրիական բանակէն անջատուած եւ իրենք զիրենք «Սուրիական ազատ բանակ» կոչողները առած է իր պաշտպանութեան տակ ու անոնց կ՛արտօնէ Թուրքիոյ մէջ իր հսկողութեան տակ գտնուող գաղթակայաններէն ընթացք առնելով յարձակումներ գործել Սուրիոյ մէջ: Օրաթերթը կը նշէ, որ սուրիական բանակէն անջատուած գնդապետ Ռիատ Աստաատի հրամանատարութեան տակ գտնուող եւ 60-70 զինեալներէ բաղկացած խմբակը ստանձնած է չորեքշաբթի օր 9 սուրիացի զինուորներու սպանութեան պատասխանատուութիւնը, սակայն թուրք պաշտօնատարները կը պնդեն, թէ այդ խմբակին հետ իրենց  կապը «բացարձակապէս մարդասիրական» է:

Օրաթերթը հարցազրոյց մը ունեցած է վերոնշեալ գնդապետին հետ, որ հարցազրոյցին ներկայացած է 10 թուրք զինուորներու ընկերակցութեամբ: Գնդապետը նշած է, որ սուրիական բանակէն անջատուած զինուորներուն թիւը կը հասնի 10 հազարի:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES