ԹՈՒՆՈՒԶԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԵՏՔ ԲՈՂՈՔԻ ԱԼԻՔ ԲԱՐՁՐԱՑԱԾ Է
Ֆրանսական «Թէ.Էֆ1» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թունուզի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն հրապարակումէն ետք, որոնց հիմամբ իսլամական Վերածնունդ կուսակցութիւնը յաղթական ճանչցուեցաւ, երկրի կեդրոնական հատուածին մէջ բողոքի ալիք բարձրացած է: Ցուցարարներ թալանած են յաղթանակ արձանագրած կուսակցութեան կեդրոնները եւ քարեր նետած ոստիկանութեան վրայ:
Ոստիկաններու հետ բախումը տեղի կ՛ունենայ Թունուզի Սիտի Պու Զիտ քաղաքին մէջ: Ցուցարարները կը բողոքեն «Ազգային ցուցակ» կուսակցութեան վեց ցուցակները չեղեալ յայտարարելու որոշումին դէմ, որուն պատճառով կուսակցութիւնը չկրցաւ երկրի Ազգային հիմնադիր խորհուրդին մէջ աթոռ ունենալ:
Ոստիկանութիւնը բախումները դադրեցնելու համար կ՛օգտագործէ արցունքաբեր ռումբեր: Ըստ «Ռոյթըրզ»ի, ցուցարարները հրկիզած են Սիտի Պու Զիտի քաղաքապետարանի շէնքը:

