ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ վաղը` կիրակի օր պիտի նախագահէ կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ նախարարութիւնը կը փափաքի, որ լիբանանցիները ունենան ապահով եւ լաւ ճամբաներ:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ վճռաբեկ ատեանի աւագ դատախազ Ալիս Շապթինի Աամ բեկանեց զօր. Ֆայեզ Քարամի դէմ արձակուած վճիռը եւ անոր դատավարութեան թուական նշանակեց յառաջիկայ 24 նոյեմբերը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր այսօր յետմիջօրէին պիտի ուղղուի Քաթար` մասնակցելու համար Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան վերաբերող համագումարի աշխատանքներուն:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի յայտնեց, որ Ատհայի տօնին առաջին օրը կը զուգադիպի յառաջիկայ կիրակի, 6 նոյեմբերին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Շաթահ «Նաշրա» կայքէջին հետ ունեցած իր  հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին մասին խօսակցութիւնը անհաւանական է:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, «Իտալ» ընկերութեան փոխնախագահ Հաուլօ Թլայս գլուխէն ստացած է փամփուշտ մը, որուն պատճառով կորսնցուցած է ինքնաշարժի ղեկին վրայ իր հակակշիռը, եւ ինքնաշարժը բախած է ծառի մը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման մերժումը Լիբանանը պիտի ենթարկէ վտանգաւոր մարտահրաւէրներու: Միւս կողմէ, Հարիրի շնորհաւորեց Սէուտական Արաբիան` Նայեֆ պըն Ապտեզ Ազիզը գահաժառանգ իշխան նշանակելու առիթով:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ յայտնեց, որ իրենք զէնք ունին եւ անիկա իրենց համար հացէն առաջնահերթ է` աւելցնելով, որ ոչ ոք թող երաշխաւորէ իրենց ապահովութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, ինչպէս նաեւ նախարար Մարուան Խէյրէտտինը: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Թուֆիքի հետ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, Մոսկուա կոչ ուղղած է Դամասկոսին համոզելու Լիբանանի մէջ իր դաշնակից ուժերը, որպէսզի Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին հետ ճկունութեամբ վարուին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան մէջ տարակարծութիւնները բնական հարցեր են:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար յայտնեց, որ նոյնիսկ եթէ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորող բարերար մը գտնուի, ապա ան կարիքը ունի կառավարութեան տալիք որոշումին:

ԸՍՏ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին, մինչեւ յառաջիկայ նոյեմբերի վերջ ոչ մէկ զարգացում նախատեսուած է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ մեկնեցաւ Թուրքիա:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Լիբանանը հարուածող տնտեսական տագնապը պիտի բարդանայ, եթէ պատահի, որ կառավարութիւնը վաւերացնէ աշխատաւորական պահանջները:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ալի Քանսօ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իրենք պիտի չորդեգրեն այնպիսի որոշում մը, որ լիբանանցիներուն միջեւ կրնայ սադրանքներ նախապատրաստել կամ Դիմադրութիւնը հարուածել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ մեկնեցաւ Փարիզ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանին հսկող միջազգային խաղաղապահ ուժեր ուղարկելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ կոչ ուղղեց լիբանանեան իշխանութիւններուն` ձերբակալելու դէպի Սուրիա զէնք մաքսանենգող անձերը եւ բացայայտելու անոնց ինքնութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասեմ Քանսօ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքն ու Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը զօրակցին դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումին:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ այցելեց Պիր Հասան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Թուֆիքի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի ղպտի համայնքին ներկայ իրավիճակը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ բոլորին երաշխիքը կը կայանայ լիբանանեան պետութեան եւ անոր զինեալ ուժերուն մէջ:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ իրենք կարիքը ունին բարեկարգումներու` ստեղծելու համար աշխատանքի յատուկ դաշտեր:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան փոխնախագահ Տորէյտ Եաղի յայտնեց, որ Սուրիոյ կողմէ արաբական պատուիրակութեան դիմաւորումը մէկ քայլ յառաջդիմելու համազօր է:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Մոհամետ Քապպարա շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ սիւննի-ալեւի հարցեր գոյութիւն չունին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES