ԶՕՐ. ԱՈՒՆ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ՊԼՈՔԻ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա:
Հանդիպումէն ետք Ռաատ յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ զօր. Աունի կամ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ «պաղ» յարաբերութիւններու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը անճիշդ են եւ անհիմն:
Ռաատ նկատել տուաւ, որ զօր. Աունի հետ իրենց հանդիպումը երկար տեւած է` նկատի ունենալով քննարկումի կարօտ բազմաթիւ հարցերն ու թղթածրարները: Այս ծիրին մէջ Ռաատ դիտել տուաւ, որ քննարկուած են տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Ան շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ իրենց միջեւ կան միացեալ սկզբունքներ, որոնց լոյսին տակ կ՛առնուին համապատասխան քայլեր:
Ռաատ ըսաւ, որ իրենք զօր. Աունին փոխանցած են Հըզպալլայի ղեկավարութեան ողջոյնները, ինչպէս նաեւ ընդգծած կառավարութեան թէ խորհրդարանին մէջ գործելու պարագային խորհրդակցութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը:
Անդրադառնալով այն սպառնալիքներուն, թէ Միջազգային դատական ատեանը չֆինանսաւորելու պարագային Լիբանանի դէմ պատժամիջոցներ պիտի որդեգրուին, Ռաատ նշեց, որ նման սպառնալիքները մնայուն են` աւելցնելով, որ իրենք այդ սպառնալիքներուն դէմ պիտի դնեն այնպիսի ձեւով, որ կարելի ըլլայ պահպանել Լիբանանի գերիշխանութիւնը:
Հըզպալլայի պատուիրակութեան Մոսկուա այցելութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռաատ ընդգծեց, որ ռուս պաշտօնատարներն են, որոնք հրաւիրած են զիրենք այցելելու Ռուսիա եւ ներկայացնելու իրենց տեսակէտը` տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններուն առնչութեամբ:


