ՄԻՔԱԹԻ ԿԸ ՋԱՆԱՅ ՀԵՌԱՆԱԼ ԲԱՆԱՎԷՃԵՐԷ ԵՒ ԳՈՐԾԵԼ Ի ՇԱՀ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ վարչապետ Միքաթի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ հեռանալու բանավէճերէն եւ հաստատ քայլերով ուղղուելու դէպի Լիբանանի շահերուն իրագործումը:

Նոյն աղբիւրները նկատել տուին, որ վարչապետ Միքաթիի կեցուածքները պարզ են, յստակ եւ բացայայտ:

«Վարչապետ Միքաթի կը վստահի լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն գիտակցութեան, ինչպէս նաեւ անոր համար առաջնահերթութիւն կը մնան Լիբանանի գերագոյն շահերն ու Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը` ներքին թէ արտաքին բոլոր տեսակի վտանգներէն եւ քաղաքական թէ տնտեսական բոլոր մակարդակներուն վրայ», եզրակացուցին աղբիւրները:

 

Share this Article
CATEGORIES