ԱՅՆ ԹԻՆԷԻ ՄԷՋ ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՆԵՐՈՒ ԼԻԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներու լիկան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն նախագահեց Շարպել Քֆուրի:
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանի նախագահին ունեցած նպաստաւոր դերակատարութեան, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի եղաւ բարելաւել Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն աշխատավարձերը:
Հանդիպումէն ետք Քֆուրի կոչ ուղղեց Պըրրիին խորհրդարանին մէջ արագ կերպով վաւերացնելու այդ առումով կառավարութեան տուած որոշումը:
Ան գոհունակութիւն յայտնեց Լիբանանեան համալսարանին նկատմամբ ցուցաբերուած հոգատարութեան համար:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Նասեր Քանտիլ, որ Պըրրիի հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Քանտիլ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին մտահոգութիւնները փարատած են` Սուրիոյ ապրած զարգացումներուն առումով:
Ան շեշտեց, որ Սուրիա հասած է զինք հարուածած փոթորիկը թօթափելու վերջին հանգրուանին: Քանտիլ ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ ապահովական կայունութիւնը մօտիկ ապագային պիտի ըլլայ ամբողջական:
Ըստ Քանտիլի, Սուրիոյ մէջ քաղաքական երկխօսութիւնը արդէն իսկ ընթացք առած է: Ան մաղթեց, որ արաբական պատուիրակութիւնը եւս իր զօրակցութիւնը յայտնէ միջսուրիական երկխօսութեան եւ չդառնայ Արեւմուտքի խօսափողը` ապահովելով ներքին սուրիական հարցերուն մէջ օտար միջամտութիւնները:
Քանտիլ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի վերադառնայ իր սկզբունքներուն, իսկ լիբանանցիները պիտի վկայեն, թէ Դիմադրութիւնը կարողութիւնը ունի յաւելեալ նուաճումներ արձանագրելու:


