ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԽՆԴԻՐՆ Է
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կից ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնը եւ Ազրպէյճանի նախագահին կից ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող «Ազրպէյճանի շաբթուան» ծիրին մէջ Իգտիր քաղաքին մէջ խորհրդաժողով մը կազմակերպած են:
Ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ խորհրդաժողովը, որուն մասնակցած են ազրպէյճանցի եւ թուրք շարք մը դասախօսներ, նուիրուած եղած է թուրք-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի քննարկման:
Ըստ կայքէջին, խորհրդաժողովի ընթացքին ելոյթ ունեցած անձերը ընդգծած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ընդհանուր խնդիրն է, եւ երկու երկիրներու հասարակութեան յառաջատար շրջանակները հետագային ալ այդ ուղղութեամբ ընդհանուր գործունէութիւն պիտի ծաւալեն:
CATEGORIES Հայկական

