«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱԿԱԹՐՔԱԿԱՆ ՔԱՐՈԶԱՐՇԱՒ ԿԸ ԾԱՒԱԼԷ» Կ՛ԸՍԷ ՀԱՍԱՆՈՎ
Ազրպէյճանական «1նիուզ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հասարակական-քաղաքական հարցերու բաժանմունքի ղեկավար Ալի Հասանով Թրքալեզու երկիրներու երկրորդ լրատուական խորհրդաժողովին ծիրին մէջ լրագրողներուն յայտնած է, որ վերջին տարիներուն, աւելի ճիշդ 2001-էն սկսեալ, ամբողջ աշխարհի մէջ հակաիսլամական քարոզարշաւ կը ծաւալի:
Հասանով ըսած է, որ իբրեւ թէ որոշ երկիրներ, յատկապէս Հայաստանը, հակաթրքական քարոզարշաւ կը ծաւալեն` օրակարգ մտցնելով 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան հարցը:
«Բացի ատկէ, որոշակի ճնշում կը գործադրուի Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող միջազգային նախագիծերու վրայ», ըսած է ան: Հասանով աւելցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցին մէջ անհրաժեշտ է համընդհանուր թրքական աջակցութիւն ցուցաբերել:
«Այդ ամէնը հաշուի առնելով` այսօրուան նիստին ժամանակ ես թրքական երկիրներուն կոչ ուղղեցի իրենց զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ բարձրացնելու թրքական ժողովուրդներու խնդիրները, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւն տրամադրելու այդ երկիրներու մշակոյթներուն եւ զարգացման մասին», ըսաւ ան:


