ԸՍՏ ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԲԵՐԻՆ ԿԻՒԼԻՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԵԼԸ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԹՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ՉԷՐ

Նախագահներ Մետվետեւ եւ Սարգսեան` Կիւլի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ իր տուած շաբաթական մամլոյ ասուլիսին ընթացքին «Երկիր Մետիա»ի Մոսկուայի թղթակիցին խնդրանքով անդրադարձած է վերջերս Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլին հեռաձայնելու քայլին: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը կատարուած էր Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի նախաձեռնութեամբ:

Լուքաշեւիչ պատասխանած է այն հարցումին, թէ կարելի՞ է Մետվետեւի այս քայլը գնահատել իբրեւ Ռուսիոյ կողմէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ միջնորդի դեր խաղալու փորձ: Ան ըսած է, որ ըստ իր տեղեկութիւններուն, հեռաձայնային հաղորդակցութեան ժամանակ նախագահներ Սարգսեան եւ Մետվետեւ ցաւակցութիւն յայտնած են տեղի ունեցած երկրաշարժին առնչութեամբ եւ այդ դժուար պահուն իրենց աջակցութիւնը յայտնած թուրք ժողովուրդին:

«Ես չէի ուզեր ասիկա տեղափոխել հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման միջնորդութեան հարթութիւն: Կարելի է, որ յաւելեալ մեկնաբանութիւններ ձեզի տայ նախագահի մամլոյ բաժանմունքը», ըսած է Լուքաշեւիչ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES