ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԷՆ
Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեան երէկ «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցի իր էջին մէջ յայտարարեց, որ հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է` զայն պայմանաւորելով այլ աշխատանքի տեղափոխուելու, ինչպէս նաեւ անձնական բնոյթի պատճառներով:
Ան նշեց, որ որոշումը տուած է շատ դժուարութեամբ եւ ամենայն պատասխանատուութեամբ կը յայտնէ, որ ատիկա որեւէ քաղաքական կամ ներիշխանական տարակարծութիւններու պատճառով չէ, ինչպէս փորձ կը կատարուի ներկայացնել:
Քաղաքապետը նաեւ ներողամտութիւն խնդրեց կիսատ մնացած գործերուն եւ պարտաւորութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ այն սպասելիքներուն եւ ծրագիրներուն համար, զորս ունէին երկրին բարձրագոյն իշխանութիւնը եւ հանրութիւնը իր պաշտօնավարման հետ կապուած:
Այս յայտարարութենէն աւելի կանուխ Կարէն Կարապետեան «Արմնիուզ» պատկերասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած էր, որ կը պատրաստուի հրաժարական տալու` փաստօրէն, հաստատելով երկու օր շարունակ իր հրաժարականին մասին մամլոյ մէջ շրջանառուող լուրերը, որոնք մնայուն կերպով ո՛չ քաղաքապետարանին, ո՛չ ալ աւագանիի անդամներուն կողմէ կը հաստատուէին:
Աւելի՛ն, հակառակ քաղաքապետի այդ յայտարարութեան, աւագանիի անդամները նոյնիսկ երէկ տեղեակ չէին Կարապետեանի` հրաժարական ներկայացնելու մտադրութեան մասին:
Երեւանի աւագանիի Հանրապետական խմբակցութեան ղեկավար Դերենիկ Դումանեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին նշած էր, որ իրենք մինչեւ երէկ Կարէն Կարապետեանէն հրաժարականի մասին դիմում չեն ստացած:
Դումանեան յայտնած էր, որ եթէ քաղաքապետը կ՛ուզէ իր պաշտօնէն ազատ կացուցուիլ, պէտք է դիմէ աւագանիին եւ աւագանին պէտք է որոշում տայ այդ գծով: Ըստ անոր, մինչեւ երէկ որեւէ պաշտօնական դիմում այդ առիթով խմբակցութիւնը եւ աւագանիները չեն ստացած:
Երեւանի աւագանիի Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան ղեկավար Գուրգէն Գասպարեան նոյնպէս որեւէ տեղեկութիւն չունէր Կարէն Կարապետեանի հաւանական հրաժարականին մասին:
Կարապետեան «Արմնիուզ»ին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին նշած էր, որ իր հրաժարականը որեւէ ներիշխանական, ներքաղաքական տարակարծութիւններու բնոյթ չի կրեր:
Կարէն Կարապետեան ընդգծած էր, որ այն վստահութիւնը, որ կը ցուցադրուէր թէ՛ հանրապետութեան նախագահին, թէ՛ կուսակցութեան կողմէ, անսահման եղած է: Ան աւելցուցած էր, որ երկրին նախագահին հետ քննարկած է իր հրաժարականին հարցը եւ նախագահը յարգած է իր որոշումը:
Կարապետեան նախագահին փորձած էր մատուցել այն փաստը, որ այս պաշտօնէն դուրս գալը չի նշանակեր քաղաքապետական խորհուրդի անձնակազմէն դուրս գալ:
Ան նաեւ «անիմաստ» որակած մամլոյ այն տեղեկութիւնները, թէ աշխատանքի ընթացքին որոշակի դժուարութիւններ ունեցած է նախագահի աշխատակազմին հետ:
Ան յայտնած էր, որ նախագահական անձնակազմին հետ շատ լաւ, ընկերական յարաբերութիւններ ունի:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որքանո՞վ հաւանական է ապագային քաղաքականութեան վերադառնալու կարելիութիւնը, Կարապետեան յայտնած էր, որ երբեք ցանկութիւն չէ ունեցած քաղաքականութեամբ զբաղելու, հետեւաբար վերադառնալ բառը ճշգրիտ չէ, որովհետեւ ինք այդ դաշտին մէջ չկայ: Ըստ անոր, ասիկա չի նշանակեր, որ ինք Հայաստանի հետ որեւէ կապ պիտի չունենայ:
Նշենք, որ Երեւանի քաղաքապետի հաւանական թեկնածու կը նկատուի փոխքաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը, որ Երեւանի աւագանիի Հանրապետական խմբակցութեան ցուցակին վրայ 2-րդ դիրքը կը գրաւէ:
«Երեւանի քաղաքին մէջ տեղական ինքնակառավարման մասին» օրէնքին համաձայն, քաղաքապետի պաշտօնը թափուր մնալէն ետք աւագանիի սահմանած ժամկէտին մէջ, սակայն ոչ ուշ, քան մէկ ամսուան ժամկէտը, տեղի կ՛ունենան քաղաքապետի արտակարգ ընտրութիւններ` քաղաքապետի ընտրութիւններուն համար սահմանուած կարգով: Արտակարգ ընտրութիւններու ընթացքին քաղաքապետի թեկնածուներ առաջադրելու իրաւունքը կը պատկանի աւագանիի խմբակցութիւններուն:


