ՌՈՍՍԻ ՇՈՒՐՋ ՎԵՑ ԱՄԻՍ ՊԻՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅԻ
«Լա Լիկա»ի կազմերէն Վիարէալի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող իտալացի միջազգային յառաջապահ Ճիուզեփփէ Ռոսսի, որ քանի մը օր առաջ Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած ճակատումին վիրաւորուեցաւ, երէկ ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան:
24 տարեկան Ռոսսի վիրաբուժութենէն ետք շուրջ վեց ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
24 տարեկան Ռոսսի, որ ծնած է Միացեալ Նահանգներ, այսպիսով կը դառնայ Վիարէալի երկրորդ մարզիկը, որ կ՛ենթարկուի վիրաբուժութեան: Այս ամսուան սկիզբը վիրաբուժութեան ենթարկուած էր պրազիլցի յառաջապահ Նիլմար:
CATEGORIES Մարզական

