«ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՄ ՎՃԱՐԵԼՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԻ ՍՐՏԻ ՎԻՐԱԲՈՒԺՈՒԹԵԱՆ ԱՄԲՈՂՋ ԳՈՒՄԱՐԸ» ԸՍԱՒ ՌՈՒԲԷՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ
News.am լրատուական կայքէջին համաձայն, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան պատրաստ է վճարելու Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին հաւաքականի անդամ Կարապետ Միքայէլեանի կատարելիք սրտի վիրաբուժութեան ամբողջ գումարը:
Հայրապետեան իր կատարած այս յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իրականութեան չեն համապատասխաներ այն անհիմն լուրերն ու տարաձայնութիւնները, ըստ որոնց, հակառակ նախապէս տրուած խոստումներուն, Հայաստանի հաւաքականէն որեւէ օգնութիւն չէ տրուած Միքայէլեանի:
«Կու գամ յայտարարելու, որ ինծի թող ըսեն, թէ որքա՛ն գումար կ՛ուզեն, եւ ես պատրաստ եմ վճարելու այդ գումարը: Ես Կարապետի կնոջ հարցուցի, թէ «որքա՞ն գումարի կարիք ունիք», եւ ես այդ գումարը անմիջապէս պիտի ուղարկեմ իրենց: Այժմ կը սպասեմ անոր կնոջ պատասխանին», եզրափակեց Հայրապետեան:
Նշենք, որ Միքայէլեանի սիրտը երեք անգամ աւելի դանդաղ կ՛աշխատի, քան որեւէ սովորական անձի մը սիրտը, ինչ որ կը նկատուի մտահոգիչ եւ վտանգաւոր:
Կ՛ակնկալուի, որ այդ գումարը անմիջապէս տրամադրուի եւ այդ վիրաբուժութիւնը շուտով կատարուի` փրկելու համար հայրենի ֆութպոլիստին կեանքը:


