ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՆ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԼԻՊԻՈՅ ԴԷՄ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՕԴԱՅԻՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐԸ

Արեւմտեան օդուժը կը պատրաստուի հարուածելու Լիպիան

Արեւմտեան ուժեր «Ոդիսականի արշալոյսը» գործողութեան ծիրին մէջ հարուածեցին Լիպիոյ օդային պաշտպանութեան համակարգը եւ երէկ անոնց օդուժէն օդանաւեր շրջեցան երկրին վերեւ, սակայն անոնց միօրեայ միջամտութիւնը դիւանագիտական լուրջ յետքայլ մը ապրեցաւ, երբ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը դատապարտեց «քաղաքայիններու ռմբակոծումը»:

Լիպիոյ ղեկավար Մոամմար Քազզաֆի խոստացաւ պարտութեան մատնել «ահաբեկչութեան» արեւմտեան ուժերը եւ իր ուժերն ու հրասայլերը ուղարկեց յարձակելու ծովեզերեայ Միսրաթա քաղաքին դէմ, ուր բուռն բախումներ տեղի ունեցան: Քազզաֆի արեւմտեան ուժերու յարձակումը «խաչակրութիւն» կոչեց` յայտնելով, որ քրիստոնեաները կ՛ուզեն իսլամութիւնը բնաջնջել:

Եւրոպական եւ ամերիկեան ուժեր շաբաթ օր ռմբաձիգներով եւ «Քրուզ» տիպի հրթիռներով հարուածեցին Քազզաֆին` ՄԱԿ-ի որոշումին հիմամբ արգելք հանդիսանալու համար, որ ան իր 41 տարուան իշխանութիւնը պահելու ջանքով մը իր քաղաքացիները սպաննէ: Սակայն Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա յայտնեց, որ այն ինչ որ տեղի կ՛ունենայ չի համապատասխաներ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի մը հաստատման արաբներու պահանջներուն: «Այն ինչ որ Լիպիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ թռիչքներու արգիլեալ գօտի հաստատելէն տարբեր է, եւ մեր ուզածը քաղաքայիններու պաշտպանութիւնն է եւ ոչ թէ քաղաքայիններու յաւելեալ ռմբակոծումը»:

Արաբներու զօրակցութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ արեւմտեան միջամտութեան ճամբան հարթող թիւ 1973 բանաձեւին կենսական ազդակներէն էր, եւ այդ զօրակցութեան յետս կոչումը կրնայ դժուարացնել երկարատեւ գործողութեան մը կիրարկումը:

Միացեալ Նահանգներու բանակի սպայակոյտի պետ ծովակալ Մայք Մալլըն յայտնեց, որ թռիչքներու արգիլեալ գօտին իրողապէս հաստատուած է, սակայն զինուորական գործողութեան վերջնական արդիւնքի պատկերացումը «շատ անստոյգ» է: Ան նշեց, որ քաղաքային զոհերու մասին զեկուցումներ չէ տեսած, սակայն Ռուսիա յայտնեց, որ այդպիսի զոհեր եղած են, եւ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու կոչ ուղղեց` դադրեցնելու «ուժի անխտիր օգտագործումը»: Ծովակալ Մալլըն ընդգծեց, որ գործողութեան մասնակից արաբական երկիրները յանձնառու կը մնան, եւ քաթարեան պատերազմական օդանաւեր Լիպիոյ մօտ տեղակայուած են:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ կոչ ուղղեց բռնարարքներու անմիջական դադրեցման, ինչպէս նաեւ Քազզաֆիի` իշխանութենէն հեռացման: «Մենք կը յուսանք, որ զինուորական գործողութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ աւարտի եւ մօտ օրէն Լիպիոյ մէջ կայունութիւն հաստատուի», ըսաւ ան: Էրտողան շրջանի երկիրներուն կոչ ուղղեց արիւնահեղութեան վերջ տալու համար միասին գործելու: «Կրնանք փոխուիլ», նշեց ան: Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ իր կարգին յայտնեց, որ «երանի Կազայի, Պաղեստինի եւ այլ շրջաններու պարագային ՄԱԿ-ը այսպիսի որոշումներ տուած ըլլար եւ երկիրներ գործնական քայլերու դիմած ըլլային»:

 

Share this Article
CATEGORIES