ՄՈԿԼԻ ՃԻՒՂԻ ՄԻՕՐԵԱՅ ՍԵՄԻՆԱՐ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութեան կազմակերպութեամբ երէկ` կիրակի, 20 մարտ 2011-ին, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ մոկլի ճիւղի միօրեայ սեմինարը` գլխաւորութեամբ մոկլի ճիւղի խմբապետուհի Թամար Քէշիշեանի:

Սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Այնճարի մասնաճիւղերէն մոկլի ճիւղի պատասխանատուներ:

Սեմինարին նպատակն էր միատեղ համախմբել մոկլի ճիւղի պատասխանատուները     եւ անոնց մէջ բարելաւել համագործակցութեան  ու  միասնակամութեան ոգին:

Սեմինարին ընթացքին ներկայացուեցաւ դասախօսութիւն մը` նիւթ ունենալով «Ստեղծագործական հմտութիւնը ձեռային աշխատանքներուն» մէջ: Դասախօսն էր Լիբանանի սկաուտական  ֆետերասիոնի խմբապետներէն Ռիմա Քարքաֆի: Մասնաճիւղերը պատրաստած էին ձեռայիններու ներկայացում մը` զանազան նիւթերով. Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը ներկայացուց «Սկաուտական տարազը», Անթիլիասի մասնաճիւղը ներկայացուց  «Տարուան չորս եղանակները», Պէյրութ մասնաճիւղը ներկայացուց «Մարմնի գլխաւոր մասերը»:

Ներկայացումներէն ետք իւրաքանչիւր մասնակցողի փոխանցուեցան սեմինարի մասնակցութեան հաստատագիրներ, ապա պատասխանատուները նորանոր գիտելիքներով   վերադարձան իրենց ակումբները:

Սեմինարին մասնակիցները

Share this Article
CATEGORIES