ԳԱԲՐԻԷԼ (ԿԱՊԻ) ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻ ԽԱՌՆՈՒԱԾՔՈՎ ՕԺՏՈՒԱԾ ԱՅՍ ՀԱՄԵՍՏ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Կապի Մանուկեանի դիմանկարը», գործ՝ Մհեր Էվոյեանի

Վերջերս իր մահկանացուն կնքեց գաղութիս յայտնի դէմքերէն, արուեստի ջերմ երկրպագու եւ կազմակերպուած ու գիտակից հաւաքորդ  Գաբրիէլ (Կապի) Մանուկեանը: Անոր անդարձ մեկնումը ո՛չ միայն մեծ կորուստ մը եղաւ լիբանանահայ, այլեւ առհասարակ Լիբանանի արուեստագէտ ու արուեստասէր հասարակութեան համար, որովհետեւ ան կերպարուեստի շարքային հաւաքորդ մը չէր: Արուեստագէտի խառնուածքով օժտուած այս համեստ անձնաւորութիւնը փոքր տարիքէն ծանօթացած էր երփնագրելու հմտութեան եւ պարբերաբար վրձինը ձեռք կ՛առնէր յագեցնելու համար իր արտայայտուելու ծարաւը:

Գաբրիէլ Մանուկեան հետեւողականօրէն հաւաքած է կերպարուեստի գործեր ու ժամանակի ընթացքին ճոխացուցած ու մաքրազտած է զանոնք` ստեղծելով այնպիսի քանակ եւ որակ, որ հայկականութենէ դուրս գալով` կը զգենու համալիբանանեան տարողութիւն:

Անոր կինը` Աստղիկ եւ ուստրերը` Քրիստեան, Դաւիթ եւ Կի, արդարօրէն որոշած են ստեղծել Գաբրիէլ Մանուկեան անունով յատուկ պատկերասրահ, ուր մնայուն ցուցադրման պիտի արժանանան անոր հաւաքածոյին լաւագոյն նմուշները: Ծանօթ ըլլալով անոր հաւաքածոյի բնոյթին ու տարողութեան (ուր կան նոյնիսկ միջազգային արժէք ունեցող գործեր)` կրնանք վկայել, որ այս արուեստի հիմնարկը Լիբանանի տեսարժան կառոյցներէն մէկը կրնայ ըլլալ, ուր ի պատուի է հայ կերպարուեստը, որ կրնայ ծառայել նաեւ հայ աշակերտի գեղագիտական դաստիարակութեան:

Գաբրիէլ Մանուկեան է՛ր նաեւ արուեստի հովանաւոր ու քաջալերող: Ան յաճախ սատարած է լուսանցքի վրայ մնացած գեղանկարիչներու զարգացման ու անոնց գործերու տարածման: Վերջին տարիներուն ան հայեացքը ուղղած էր դէպի հայրենիք եւ կարգ մը գեղանկարիչներու հետ մնայուն կապի մէջ էր: Թէ՛ կը գնէր անոնց ստեղծագործութիւններէն եւ թէ՛ իր կարծիքն ու թելադրանքները կ՛ուղղէր անոնց, ինչպէս` Մհեր Էւոյեան եւ կամ մանաւանդ Էդիկ Բերդեան, որուն մասին մեկնաբանական ակնարկներ ալ ստորագրեց տեղական արաբատառ մամուլին մէջ:

Գնահատականը, որ արուեստի ճամբով կ՛արձանագրուի անոր յիշատակին, ուղիղ կը համեմատի նաեւ հայրենասէր հայու, հաւատացեալ քրիստոնեայի եւ մանաւա՛նդ իրաւ մարդ ըլլալու իրողութեան հետ:

Ան իր շրջապատին մէջ ճանչցուած էր իբրեւ հաւատարիմ ու վստահելի անձնաւորութիւն, որ գրաւականն էր իր յաջողութեան իբրեւ գործարար, սիրուած ու գնահատուած անհատականութիւն: Իր կեանքի ընթացքին չէր զլացած իր «լումաները»` օգնելու համար թէ՛ կարիքաւորներու եւ թէ՛ հաստատութիւններու, յաճախ անաղմուկ ու համեստաբար: Դժբախտաբար անոր անժամանակ մեկնումին պատճառով բազմաթիւ գործեր կէս մնացին: Բարեբախտաբար, սակայն, իր ուստրերը որոշած են շարունակել իրենց արժանաւոր հօր` Գաբրիէլ Մանուկեանի հայրենասիրական ու մարդասիրական գործերը:

Մ. Ծ.

 

ԷԴԻԿ ԲԵՐԴԵԱՆ Կ՛ԵՐՓՆԱԳՐԷ ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ
ԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ԻՐ ՆԵՐՔԻՆ
ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Գաբրիէլ Մանուկեան (Կապի) վերջին տարիներուն սկսած էր արուեստի մասին իր տպաւորութիւններն ու կարծիքները յանձնել թուղթին: Անոնցմէ ոմանք լոյս տեսան Լիբանանի արաբատառ մամուլին մէջ: Իրմէ խնդրած էինք, որ Էդիկ Բերդեանի մասին գրած մէկ ակնարկը թարգմանէ եւ մեր տրամադրութեան տակ դնէ, որպէսզի յարմար առիթի մը հրատարակենք: Ստորեւ կու տանք յօդուածը` լեզուական եւ տեղեկութիւններու որոշ ուղղումներէ ետք: Նշենք նաեւ, որ փակագիծին մէջ առնուած բառերը աւելցուած են մեր կողմէ` միտքը ամբողջացնելու եւ յստակացնելու համար:

ԽՄԲ.

«Գիւղական տեսարան», գործ՝ Էդիկ Բերդեանի

Հայրենի գեղանկարիչ Էդիկ Բերդեան ծնաւ իր հօր Սիպերիա աքսորուելէն քանի մը ամիս ետք միայն, 1937-ին: Մանկապատանեկան կեանքը անցուց Երեւանի աղքատագոյն ու լքուած թաղամասին` Կոնդի մէջ: Իր մասնագիտական կրթութիւնը ստացաւ Կոնդ թաղամասի կից գործող Փանոս Թերլեմեզեանի անուան կերպարուեստի ուսումնարանին մէջ, զոր կ՛աւարտէ 1974-ին: Ան սկսաւ ստեղծագործել ուսումնարանը աւարտելէ անմիջապէս ետք, սակայն որովհետեւ այդ օրերուն խորհրդային կարգերու տակ Հայաստանը պէտք էր ներկայացուէր իբրեւ դրախտ եւ բանուորը` իբրեւ հերոս (ան հանդիպեցաւ խոչընդոտներու): Էդիկ չէր կրնար այդ մէկը ընել, որովհետեւ իրաւ մարդ էր, նաեւ` իսկական արուեստագէտ: Անոր պարտադրուեցաւ հրաժարիլ ստեղծագործելէ, եւ ինք ստիպուեցաւ հեռանալ, գնաց ու աշխատեցաւ քարահանքերու մէջ, քսան տարի զբաղեցաւ քար կտրելով: (Ստալինեան ձիւնհալին) ազատ արձակուելէ ետք Էդիկը վերադարձաւ Կոնդ, Երեւանի աղքատագոյն թաղամասը, որ շատ կը նմանի Պէյրութի այն թաղամասերուն, ուր (Եղեռնէն ճողոպրած) հայերը եկան եւ հաստատուեցան` կառուցելով փայտէ եւ թիթեղէ տնակներ: Անոնք կը կոչուէին Քեմփ Չարչափուխ (Քեմփ Սանճաք) եւ կամ Քարանթինա:

Էդիկ Բերդեանի փիլիսոփայութիւնը կ՛ըսէ. «Քաղաքականութիւնը եւ կամ քաղաքականութեամբ զբաղողները կը պղծեն մարդկութիւնն ու անոր միջավայրը եւ առհասարակ` մթնոլորտը, սակայն գեղեցկութիւնը կը մնայ ու իր վրէժը կ՛առնէ (մարդկութենէն): Թէեւ բարձրագոյն գինը վճարողը (տուժողը) կ՛ըլլայ մարդ արարածը»:

Էդիկը կը պատկերէ բնութիւնը այնպէս, ինչպէս որ է. հեռու արդիականութենէ: Ունի իր սեփական աշխարհը, իր ներաշխարհը, ուր կը նշմարուի, թէ (իր արուեստը) ուղղակիօրէն կապուած է մարդու հետ, իրա՛ւ մարդուն, որ կը սիրէ ազատութիւնը` հեռու ամէն բանէ:

Կոնդը մեծ բաժին ունի անոր ստեղծագործութիւններուն, փիլիսոփայական հայեացքներու կազմաւորման եւ կամ չարչարանքներով (ջրդեղուած) իր ներքին անհատականութեան կազմաւորման մէջ:

Երբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան իմացաւ Բերդեանի կենսագրութեան ծալքերը, արագացուց Կոնդի վերանորոգութիւնը, որպէսզի այս թաղը ըլլայ վայելուչ այդ արուեստագէտին (արժանի), որ իր արիւնով ու քրտինքով անմահացուց զայն, որպէսզի վերականգնի հայրենի երկիր Հայաստանը եւ Երեւանը հպարտանայ իր «Կոնդ»ով: Ան իր վրձինը դարձեալ ձեռքը առաւ, սակայն այս անգամ երփնագրեց ոչ փափուկ վրձնահարուածներով, այլ մուրճի հարուածներու նման օգտագործեց զայն, ճիշդ այնպէս, ինչպէս կը ջարդէր քարերը ժամանակին: Ան այսպիսով ստեղծագործեց պատմելու համար մարդկութեան մարդկայնական վարկաբեկումն ու լքուածութիւնը մէկ կողմէ եւ միւս կողմէ` սէրն ու ակնածանքը մարդկութեան հոգեւոր արժէքներու եւ բնութեան հանդէպ:

ԿԱՊԻ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES