ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆ ՆԱՄԻՔ ԹԱՆԻ ԴԻՄԱԿԱԶԵՐԾՈՒՄԸ

Անցեալ շաբաթ բացայայտիչ պատգամ մը ստացայ Պենիամին Եաֆեթէն, որ 1976-ին Թուրքիայէն Միացեալ Նահանգներ գաղթած հրեայ մըն է: Եաֆեթ թոշակառու դասախօս է եւ Արիզոնայի մէջ «Հայ Թեք» ոլորտի գործարար:

Փրոֆ. Եաֆեթ խոստովանեցաւ, որ ինք վերջին տարիներուն Թուրքիոյ մոլի ջատագով մը ըլլալէն վերածուած է հակաթուրք խաչակիրի մը: Ան բացատրեց, թէ սկսած է «նողկալ» Թուրքիայէն, երբ Հիթլերի «Մայն քամֆ»ը (հատորը) պեսթ սելըր դարձաւ այդ երկրին մէջ: Այդ ժամանակէն ի վեր, Եաֆեթ «1000 ու մէկ պատճառ» ունեցած է Թուրքիոյ երկերես քաղաքականութենէն զզուելու համար: Իրականութեան մէջ այնքա՛ն զզուած էր, որ ան Անգարան տեղեակ պահած է, թէ ինք կը հրաժարի Թուրքիոյ քաղաքացիութենէն:

Եաֆեթ իր ելեկտրոնային նամակին կցած էր 1998-ին տպուած «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէկ խմբագրականը` «Թուրքիոյ կործանարար զօրավարները» խորագիրով: Խմբագրականը խստօրէն կը քննադատէր զօրավարները` այդ օրերու Պոլսոյ քաղաքապետ, իսկ ներկայիս Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թ. Էրտողանը բանտարկելու համար: Քաղաքապետ Էրտողան պաշտօնանկ եղած էր` իսլամական բանաստեղծութիւն մը արտասանելուն համար: «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթի խմբագիրները իրենց դժգոհութիւնը յայտնած էին այն բանին համար, որ «Թուրքիոյ քաղաքականութեան միջամտող» բռնակալ զօրավարները կը խոչընդոտեն ազատ խօսքը, կը փակեն իսլամական դպրոցները եւ կը ձերբակալեն այն գործարարները, որոնք կը ֆինանսաւորեն իսլամ գաղափարախօսութեան ծառայող քաղաքական գործիչները:

Իբրեւ Թուրքիոյ հաւատարիմ ջատագով` փրոֆ. Եաֆեթ խայթող նամակ մը յղած է «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին` պաշտպանելով զինուորական ատեանին կողմէ առնուած հրէշային քայլերը` Բարօրութիւն (Ռեֆահ) իսլամական կուսակցութեան դէմ, որ Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) իրաւանախորդն էր:

Այնուհետեւ Եաֆեթ այդ նամակի պատճէնը ուղարկած է Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատուն` հպարտութեամբ տեղեկացնելով իր ծննդավայրին ի նպաստ գործած իր «սխրագործութեան մասին»: Քանի մը օրուան ընթացքին ան շնորհակալական նամակ մը ստացած է Նամիք Թանէն, որ այդ ժամանակ «խորհրդատու եւ դեսպանատան խօսնակ»ն էր, իսկ ներկայիս` Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպանը: Թան գովաբանած է փրոֆ. Եաֆեթը` նշելով, որ անոր «հակահարուածը սրամիտ, լուսամիտ եւ տրամաբանական ապացոյց է, որ կ՛անդրադառնայ հարցերուն խոր ըմբռնումով եւ ընկալումով, ինչ որ, ընդհանուր առմամբ, կը համապատասխանէ նաեւ մեր մօտեցումին»:

Փրոֆ. Եաֆեթի «Թայմզ»ին ուղարկուած նամակին ուշադիր ընթերցումը կը բացայայտէ, թէ ինչո՛ւ Նամիք Թան զայն արժանացուցած է նման շռայլ գովասանքի: Համեմատելով Էրտողանի գաղափարախօսութիւնը նացիականութեան հետ` Եաֆեթ մեղադրած է անոր կուսակցութիւնը` «ժողովրդավարութեան վերջ դնել քարոզելու»ն համար, նպատակ ունենալով «զայն փոխարինել իսլամական կրօնապետութեամբ»: Ան (Եաֆեթ) բացատրած է, որ` «կուսակցութեան ծրագիրին ուշադիր ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ անոր օրակարգը Իրանի այաթոլլայի գաղափարախօսութեան ճշգրիտ պատճէնն է: Կուսակցութեան տեսութեան ուղղակի կիրարկումը կը զրկէր թուրք կիները մեծ դժուարութեամբ ձեռք բերուած իրենց քաղաքացիական իրաւունքներէն. անոնք, առաջին հերթին, կը կորսնցնէին լաչակ չկրելու իրենց իրաւունքը: Բարօրութիւն կուսակցութիւնը ձեւով մը ամբողջատիրական, փիլիսոփայութեամբ ցեղապաշտ եւ հակասեմական, իսկ էութեամբ հակաժողովրդական էր: Այս ցանկը նոյնիսկ չի ներառեր միջազգային հետեւանքները այդ արտաքին քաղաքականութեան, զոր անոնք կ՛ուզէին կիրարկել Թուրքիոյ նկատմամբ»:

Աւարտելով իր նամակը` փրոֆ. Եաֆեթ զգուշացուցած է, թէ այդ իսլամական կուսակցութիւնը Թուրքիան դուրս պիտի ձգէր ՕԹԱՆ-ի կազմէն, պիտի փակէր Միացեալ Նահանգներու ռազմակայանները, պիտի սպառնար Իսրայէլին, պիտի միանար Լիպիոյ, Իրանին եւ Սուտանին եւ սատարէր Համասին ու Հըզպալլային: Եաֆեթ նոյնիսկ պահանջած է, որ «Թայմզ»ի խմբագիրները ներողութիւն խնդրեն թուրք զօրավարներէն:

Վերջին շաբթուան իր ելեկտրոնային նամակին մէջ փրոֆ. Եաֆեթ ծաղրանքով նշեց այն հակասութիւնը, թէ նոյն Նամիք Թանը, որ 1998-ին շնորհակալութիւն յայտնած էր իրեն` իր հակաէրտողանական նամակին համար, այժմ կը ներկայացնէ իսլամական կառավարութիւն մը, զոր ան տարիներ առաջ այդքա՛ն արհամարհած էր:

Իսկապէս ապշեցուցիչ է այն, որ 2010 թուականին Թուրքիոյ կառավարութիւնը Ուաշինկթըն կը գործուղէ դեսպան մը, որ դէմ էր Էրտողանի իսլամական գաղափարախօսութեամբ կուսակցութեան եւ կը սատարէր զայն ձերբակալած զօրավարներուն: Թէեւ հասկնալի է, որ Էրտողան անձամբ անտեղեակ էր Թանի 1998-ի նամակին մասին, սակայն անհաւանական է, որ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ անոր վերադասները տեղեակ չըլլային անոր բանակամէտ եւ հակաժողովրդավարական դիրքորոշումներուն: Ի վերջոյ, 1982-էն ի վեր Թան եղած է հմուտ դիւանագէտ, եւ մինչեւ Ուաշինկթընի մէջ դեսպան նշանակուիլը, ան Անգարայի մէջ վարած է արտաքին գործոց փոխնախարարի տեղակալի պաշտօն:

Կը մնայ տեսնել, թէ վարչապետը ինչպէ՞ս պիտի արձագանգէ դեսպան Թանի դիմակազերծման: Կրնայ ըլլալ, որ Էրտողան որոշէ յանդիմանել արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն` նման հակաիսլամական տեսակէտներով անձ մը Միացեալ Նահանգներու մէջ ԱԲԿ-ի կառավարութիւնը ներկայացնող դեսպանի պաշտօնին նշանակելուն համար:

Իսկապէս, դեսպան Թան կրնայ վաղաժամկէտ հեռացուիլ Ուաշինկթընէն, ինչպէս պատահեցաւ նախորդ դեսպան Նապի Սենսոյի, որ 2009-ին հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն, Տաւութօղլուի հետ վէճ մը ունենալէ ետք:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES