ԺԻԼՊԵՐ ՍԻՄՈՆ «ՏՈՒ ԵՈՒ ԼԱՎ ՄԻ»ԻՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ ԿԱՏԱՐԵՑ
Երէկ երեկոյեան Էշրեֆիէի «Սոֆիլ» կեդրոնին մէջ գտնուող «Մեթրոփոլիս» սրահին մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ երիտասարդ աստղ Ժիլպեր Սիմոնի «Տու եու լավ մի» երգին եւ տեսահոլովակին:
Սիմոնի արուեստը քաջալերողներու հոծ բազմութեան, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով երաժիշտներու, դերասաններու, բեմադրիչներու եւ արուեստագէտներու ներկայութեան կատարուեցաւ երգին մեկնարկը, որմէ առաջ սակայն լիբանանցի դերասանուհի Քարլա Պութրոս ներկայացուց Ժիլպեր Սիմոնը եւ անոր ունեցած արուեստագէտի տաղանդը, որուն շնորհիւ ան բազմաթիւ յաջողութիւններ արձանագրած է եւ պաշտօնապէս սկսած արուեստի աշխարհին մէջ իր առաքելութեան:
Պութրոս յայտնեց, որ ինք 15 տարիներէ ի վեր Սիմոնի բարեկամ է` աւելցնելով, որ Ժիլպեր Սիմոնը երաժշտական քանի մը գործիք կը նուագէ եւ 6 լեզուներով կ՛երգէ:
Սիմոնի բնածին տաղանդին մասին խօսելով` Պութրոս նշեց նաեւ, որ Սիմոն նաեւ գծելու շնորհք ունի, եւ յայտնեց, որ «Ճէոքոմիքս» խորագիրը կրող անոր կենդանի գծանկարներու գիրքը մօտիկ ապագային լոյս պիտի տեսնէ:
Պութրոս ցաւով ընդգծեց, որ ինքզինքը աշխարհաքաղաքացիական երկիր յորջորջող Լիբանանի մէջ դժբախտաբար
օտար լեզուով երգող արուեստագէտները յաջողութիւն չեն գտներ եւ զօրակցութիւն չեն ստանար` աւելցնելով, որ օտար լեզուով երգող իր զաւակները քաջալերելու փոխարէն Լիբանան կը հպարտանայ օտար արուեստագէտներով: Ան նկատել տուաւ, որ 2011-ին «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին կազմակերպած «Սթար Աքատեմի» մրցանքին իր մասնակցութիւնը բերած Սիմոն իր կարգապահութեամբ եւ տքնաջան աշխատանքով հասած է աւարտական հանգրուանին, սակայն ան չէ կրցած յաջողութեամբ աւարտել այդ հանգրուանը ճիշդ վերոնշեալ պատճառով:
Սիմոնի մեկնաբանած «Տու եու լավ մի» երգին մասին խօսելով` Պութրոս յայտնեց, որ այդ երգը 1963-ին Ռընէ Պանտալիի մշակած երգերէն մէկն է, որ ներկայիս վերամշակուած է երաժիշտ Միշել Ֆատելի կողմէ:
Նշենք, որ Պանտալի անձամբ ներկայ էր ձեռնարկին:
Անհրաժեշտ է նշել նաեւ, որ երգը ձայնագրուած է Սթիւտիօ Ճեքայի մէջ, իսկ երգին յատուկ տեսահոլովակը նկարահանուած է Պուրճ Համուտի մէջ: Երգին մեկնարկը կատարելէ ետք ցուցադրուած տեսահոլովակին բեմադրիչն է Էրիք Հինոխոսա:
Իր խօսքին մէջ Սիմոն յայտնեց, որ ինք փափաքած է լիբանանեան հին երգ մը առնել եւ անոր նոր շունչ եւ կեանք տալ ու վերստին մեկնաբանել:
«Ազդակ»ին հետ ունեցած իր յատուկ հարցազրոյցին ընթացքին, Ժիլպեր Սիմոն շեշտեց, որ ինք կը խոստանայ իր երգերու յաջորդ խտասալիկին մէջ մեկնաբանել նաեւ հայերէն երգ մը կամ զուգերգ մը` աւելցնելով, որ ինք հպարտ կը զգայ իր հայկականութեամբ եւ իր մէջ հայու սիրտն է, որ կը բաբախէ:
Ան իր այս գործը նուիրեց իր մեծ հօր յիշատակին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին այս աշխատանքին յաջողութեան:
«Տու եու լավ մի»ի մեկնարկի ձեռնարկի աւարտին կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն:

