«ՄԵ՛ՆՔ ԵՆՔ ՄԵՐ ՄՇԱԿՈՅԹԸ» ԿԱՐԳԱԽՕՍՈՎ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ. «ԱՌԱՆՑ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱԶԳ ՉԻ ԳՈՅԱՆԱՐ» Կ՛ԸՍԷ ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղին եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի մէջ գործող հայրենակցական միութիւններուն, շաբաթ, 29 հոկտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք ենք մեր մշակոյթը» կարգախօսով հանդիսութիւն` ներկայութեամբ ԼԵՄ-ականներու, պատանիներու եւ ժողովրդային բազմութեան:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Արամ Սոմունճեան, որ նշեց, թէ երիտասարդութեան մեծ մասը ծանօթ չէ իր արմատներուն, ինչ որ առողջ երեւոյթ չէ:
Սոմունճեան ըսաւ, որ ազգային ընդհանուր քաղաքականութիւն պէտք է որդեգրուի եւ կիրարկուի, որպէսզի երիտասարդները վերադառնան իրենց նիւթեղէն եւ հոգեկան արմատներուն: Արամ Սոմունճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս ձեռնարկին յաջողութեան:
Ապա գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով պարերով ելոյթ ունեցաւ «Ֆրիտըմ տենս կրուփ»ը, իսկ երգերով` Գարմէն Աճեմեան: Օրուան բանախօսն էր Տիգրան Ճինպաշեան: Ան ըսաւ, որ սփիւռքի կազմաւորման շրջանին հայրենակցական միութիւնները միջոց կը հանդիսանային պահպանելու ազգականական եւ դրացիական կապերը:
Ճինպաշեան աւելցուց, որ սովորութիւնները կը պահպանեն ազգին էութիւնը եւ օտարութեան մէջ կ’ապահովեն հայութեան երթին շարունակութիւնը: Ան նշեց, որ սփիւռքի մէջ արժէքներն ու հողը կը փոխարինուէին գաղափարով, իսկ հայրենիքը վերացականօրէն կը շարունակուէր գոյութիւն ունենալ:
Տիգրան Ճինպաշեան հաստատեց, որ վերջին տարիներուն հայրենակցական միութիւնները կենդանութեան նոր նշաններ ցոյց կու տան եւ այսօր չունին նախկին հարցերը, այլ` ունին ընդհանրական գործունէութիւն եւ դէպի ամբողջական Հայաստան առաջնորդող ընդհանրական հայեացք:
Ան յայտնեց, որ առանց մշակոյթի ազգ չի գոյանար` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է պահպանումը հայրենական սովորութիւններուն, ֆոլքլորին, խօսք ու բանին, երգ ու պարին, ճաշերուն, կենցաղին, պապենական աւանդութիւններուն, նիստ ու կացին եւ ընտանեկան սրբութիւններուն, որոնք հիմքը կը կազմեն մեր քաղաքակրթական առանձնայատկութեան եւ մեր ուրոյն մշակոյթին ու ազգային նկարագիրին:
Բանախօսութենէն ետք Ալագեազ Թորոսեան դաշնակով նուագեց, ապա Կարօ Ակոբեանի կատարողութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովրդական եւ հայրենասիրական երգերու ներկայացում: Ակոբեանին կ’ընկերակցէր Սեդօ Պաղտասարեան:
Յայտնենք, որ ձեռնարկին ընթացքին սրահին մէջ հայրենակցական միութիւնները ցուցադրած էին լուսանկարներ, աւանդական իրեր, ինչպէս նաեւ շրջանները ծանօթացնող գրքոյկներ:





