ՔՈՐԱՆԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՒ ՀՐԿԻԶԱԾ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՊԱՏՈՒԵԼԻՆ` ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Պատուելի Թերի Ճոնզ

Քորանը հրկիզելով արար աշխարհին ծանօթ դարձած ամերիկացի պատուելի Թերի Ճոնզ որոշած է Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրել:

Ամերիկեան «Էյ. Պի. Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ անոր նախընտրական ծրագիրը կը բովանդակէ այնպիսի կէտեր, ինչպիսիք են` պետական ծախսերու կրճատում, Միացեալ Նահանգներու տարածքէն ապօրինի ներգաղթեալներու արտաքսում, ինչպէս նաեւ արտասահմանի մէջ  գործողութիւններուն մասնակցող ամերիկացի բոլոր զինուորներու վերադարձը տուն:

Ան նաեւ խոստացած է տարեկան չորս հարիւր միլիառ տոլար խնայել` նուազեցնելով հարկերը:

Ճոնզի անունը ամբողջ աշխարհի մէջ ծանօթ դարձաւ 20 մարտ 2011-ին, երբ 50 հոգիի ներկայութեամբ ան Ֆլորիտայի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ այրեց Քորանը: Այդ դէպքը Աֆղանիստանի մէջ յառաջացուց անկարգութիւններու մեծ ալիք, որուն պատճառով աւելի քան հարիւր զոհ արձանագրուեցաւ: 1 ապրիլին զայրացած ամբոխ մը Մազարի Շարիֆի մէջ յարձակում գործեց ՄԱԿ-ի գրասենեակին վրայ: Զոհերուն շարքին էին ՄԱԿ-ի 10 աշխատակիցներ:

Share this Article
CATEGORIES