ԴԱՄԱՍԿՈՍ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՓՈԽԱՆՑԷ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՇՈՒՐՋ ԻՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ

Սուրիական թղթածրարի հարցով լիազօրուած Արաբական լիկայի նախարարական յանձնախումբը, որ անցեալ հինգշաբթի օր Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցած էր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, երէկ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի գլխաւորած սուրիական պատուիրակութեան մը հետ:

Հանդիպման աւարտին Քաթարի վարչապետ շէյխ Համատ պըն Ժապըր Ալ Թանի լրագրողներուն յայտնեց, որ յանձնախումբը Սուրիոյ մէջ բռնարարքները դադրեցնելու ծրագիր մը ներկայացուցած է սուրիական պատուիրակութեան, որ իր ղեկավարութեան հետ խորհրդակցելէ ետք այսօր պիտի փոխանցէ Դամասկոսի պատասխանը:

Շէյխ Համատ ըսաւ, որ հանդիպումը լուրջ եւ անկեղծ էր, սակայն զգուշացուց, որ համաձայնութեան գոյացման պարագային Սուրիոյ իշխանութիւնները պէտք չէ խուսանաւեն, այլ` շօշափելի քայլերու դիմեն:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի եգիպտական «Շուրուք» օրաթերթին յայտարարեց, որ անցեալ հինգշաբթի նախարարական յանձնախումբին Դամասկոս այցելութիւնը լիկայի պահանջած բախումներուն վերջ տալու, ձերբակալեալները ազատ արձակելու եւ տագնապին լուծում մը փնտռելու համար քաղաքական իսկական բարեփոխումներու ձեռնարկելու պահանջներուն նկատմամբ սուրիական կեցուածքին մէջ յառաջդիմութիւն չէ արձանագրած: Ան մերժեց յստակացնել, եթէ Արաբական լիկայի պահանջներու մերժումին պարագային լիկան Սուրիոյ հարցէն իր «ձեռքը պիտի քաշէ»: Արաբական լաւատեղեակ աղբիւրներ քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին յայտնեցին, որ անցեալ հինգշաբթի օր Դամասկոս այցելած արաբական պատուիրակութիւնը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը հրաւիրած է բարեփոխումներու ճամբու քարտէսին եւ օտար միջամտութեան միջեւ ընտրանք մը կատարելու:

Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահը ռուսական պատկերասփիւռի «Առաջին ալիք»ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Սուրիա յոյսով է, որ Ռուսիա հետագային եւս նոյնպէս պիտի շարունակէ Դամասկոսի աջակցիլ: «Մենք նախ եւ առաջ յոյսեր կը կապենք Ռուսիոյ, իբրեւ երկիր մը, որուն հետ մեզ կը կապեն պատմական առումով ամուր յարաբերութիւններ® Ռուսիոյ դերակատարութիւնը շատ կարեւոր է: Ճգնաժամի առաջին իսկ օրէն մենք սերտ կապերու մէջ էինք ռուսական իշխանութիւններուն հետ: Մենք դէպքերու զարգացման մասին մանրամասն կերպով պատմած ենք մեր ռուս գործընկերներուն», ըսած է ան` ընդգծելով, որ Դամասկոս յոյսով է, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ Սուրիոյ աջակցիլ:

«Ռուսիա գիտէր Սուրիոյ ներքին գործերուն զինուորական կամ քաղաքական միջամտութեան վտանգին մասին: Այդ պատճառով Ռուսիան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ միջազգային ասպարէզին մէջ, ինչ որ մասնաւորաբար արտայայտուեցաւ այն բանին մէջ, ինչ որ Ռուսիա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի քուէարկութեան ժամանակ կիրարկեց վեթոյի իր իրաւունքը: Ատոր համար ալ մենք Ռուսիոյ դիրքորոշումին նկատմամբ յոյսեր կը կապենք, այն բանին համար, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ ոչ միայն Սուրիոյ աջակցիլ, այլ նաեւ` աշխարհի մէջ հանդէս գալ իրավիճակի կայունացման օգտին»:

Ասատ բրիտանական «Սանտէյ Թելեկրաֆ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին արեւմտեան երկիրները զգուշացուց, որ Սուրիոյ մէջ միջամտելու պարագային Միջին Արեւելքը հրկիզող երկրաշարժ մը տեղի պիտի ունենայ: Ան ըսաւ, որ իր վարչակազմին դէմ միջամտութիւնները կրնան «այլ Աֆղանիստանի մը առաջնորդել»: Ասատ զգուշացուց, որ «Սուրիոյ մէջ որեւէ հարց շրջանի հրկիզման պիտի առաջնորդէ»` նշելով, որ «եթէ ծրագիրը Սուրիան մասնատելն է, ատիկա ամբողջ շրջանը մասնատել կը նշանակէ»:

Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզօղլու քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածի մը մասին խօսիլը «կանխահաս» է, եւ հերքեց, որ թրքական ղեկավարութիւնը մտադիր է Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ ապահովական գօտի մը ստեղծել: Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ ցուցարարները զինելու վերաբերեալ մտավախութիւններուն, ան ըսաւ, որ «ամէն կարելիութիւնները ի զօրու են, եւ մենք նախապէս զգուշացուցած էինք ցուցարարներուն դէմ ուժի կիրարկումէն, ինչպէս նաեւ միջազգային միջամտութիւններէն»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES