ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԱՆՁՆԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԵՐԿՈՒ ԶՈՀ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ

Պինկէօլի մէջ կին մը Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գրասենեակին մօտ ինքզինք պայթեցուց: Արձանագրուեցաւ երկու զոհ եւ տասը վիրաւոր: Վնասուեցան նաեւ շրջակայքի շէնքերն ու ինքնաշարժները:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահին յայտնած է, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գրասենեակը գործողութեան թիրախը չէր:

Share this Article
CATEGORIES