ԼԻՊԻԱ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՊԷՅՐՈՒԹ

Իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր երկու ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի անյայտ կորսուելուն թղթածրարը քննարկելու եւ այդ մասին հաղորդակցութիւններ ու հետազօտութիւններ կատարելու նպատակով Լիպիա ուղղուած լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը երէկ վերադարձաւ Պէյրութ:

Լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու ընդհանուր տնօրէն Հայսամ Ժումաա:

Ժումաա նկատել տուաւ, որ պատուիրակութիւնը Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անյայտ կորսուելուն հարցը քննարկած է Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդին եւ լիպիացի պատասխանատուներուն հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES