ՍԵԼԻՄ ՀԸՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԼԻԹԱ
Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ այցելեց Իքլիմ Թուֆֆահի մէջ գտնուող Դիմադրութեան Մլիթայի համալիրը, ուր դիմաւորուեցաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատի եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ:
Նշենք, որ նահատակ մարտիկներու կիներն ու մայրերը Հըսը դիմաւորեցին անոր վրայ բրինձ եւ ծաղիկ թափելով:
Այս ջերմ դիմաւորումէն ետք, նախկին վարչապետին համար յատկացուած յատուկ ինքնաշարժ մը շրջեցաւ համալիրին մէջ, եւ համապատասխան բացատրութիւններ ներկայացուեցան Հըսին:
Այցելութեան աւարտին Հըս յայտնեց, որ իր հողին վրայ խիստ ու դաժան գոյապայքար մղած Լիբանանը արաբական ամբողջական յաղթանակ մը արձանագրած է թշնամի Իսրայէլի դէմ: «Մենք կը հպարտանանք Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան գոյութեամբ եւ յաջողութիւն կը մաղթենք անոր` իր ստանձնած առաքելութեան մէջ», ըսաւ ան:
Ռաատ իր կարգին նշեց, որ Լիբանան եւ Դիմադրութիւնը բարձր կը գնահատեն Հըսի ցուցաբերած վերապահութիւնը` Կապոյտ գիծի այն սահմաններուն համար, որոնք Իսրայէլի կողմէ կը պարտադրուէին: «Շնորհիւ Հըսի վերապահութեան է, որ մենք այսօր կրցած ենք պահպանել մեր հողերը, գերիշխանութիւնն ու թշնամի Իսրայէլին դէմ մեր Դիմադրութիւնը», ըսաւ Ռաատ:


