ԺՈՄՊԼԱԹ. «ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԶԷՆՔԸ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌՈՒՄՈՎ ԿԱՐԵՒՈՐ Է, ԻՍԿ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ Է»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Ալէյի մէջ նախագահեց կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին, որուն ընթացքին ան շեշտեց, թէ անհրաժեշտ է ժառանգական հանրապետութիւնները վերածել սահմանադրական հանրապետութիւններու:
Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ անհրաժեշտ է վերսկսիլ ազգային երկխօսութեան եւ վերստին քննարկել երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը: Ան աւելցուց, որ պետութեան սկզբունքն է, որ կ՛երաշխաւորէ բոլորը, որոնց շարքին նաեւ Դիմադրութիւնը:
Ժոմպլաթ հաստատեց, որ Դիմադրութեան զէնքը կարեւոր է` երկիրը պաշտպանելու իր դերակատարութեան մէջ, նկատել տալով, որ Մազարեհ Շեպաան, Քֆարշուպայի բարձունքներն ու Հիւսիսային Ղաժարը լիբանանեան հողեր են, «սակայն ասիկա չի նշանակեր, թէ կարելի չէ Լիբանանի ծովային եւ ցամաքային սահմանագծումը կատարել», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանանը պէտք չէ օգտագործել Սուրիոյ դէմ ապահովական գործողութիւններ կատարելու համար:
Անդրադառնալով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին` Ժոմպլաթ ըսաւ, որ կարեւոր է անպայման ֆինանսաւորել այդ ատեանը, որովհետեւ ֆինանսաւորումը հիմնական սկզբունք է` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը, հակառակ այն իրողութեան, որ Միջազգային դատական ատեանին եւ անոր քաղաքականացման մասին Հըզպալլայի վերապահութիւնները հասկնալի են իրեն համար:
Սուրիական իրադարձութիւններուն մասին խօսելով` Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ միայն ներքին երկխօսութիւնն է, որ կ՛երաշխաւորէ Սուրիոյ տարակարծութիւններուն հարթեցումը` աւելցնելով, որ միջսուրիական հարցերուն որեւէ արտաքին միջամտութիւն մերժելի է:


