ՔԱԹԱՐԻ ՄԷՋ ՇԷՅԽ ՀԱՄԱՏ ԱԼ ԹԱՆԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՆՍՈՒՐԸ
Քաթարի շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանը երէկ Տոհայի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-քաթարեան յարաբերութիւնները, երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ արաբական եւ սուրիական իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ Մանսուր իր մասնակցութիւնը բերած էր Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան յանձնախումբի ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Քաթարի մայրաքաղաքին մէջ:
Նիստին ընթացքին Մանսուր շեշտած էր, որ պաղեստինեան իրավիճակը կ՛ենթադրէ արաբական յստակ կեցուածք որդեգրել այդ իմաստով, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնը հասած է փակուղիի մը` իսրայէլեան բնակեցման քաղաքականութեան ընդարձակման եւ բանակցութիւններուն վերսկսումը մերժող կեցուածքին լոյսին տակ:
Մանսուր առաջարկեց, որ գումարուի արաբական վեհաժողով մը, որպէսզի կարելի ըլլայ յստակ կեցուածք մը որդեգրել Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթի սառեցման առնչութեամբ:


