ՀԱԶԻՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔ-ԶՕՐ. ԱՈՒՆ` ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Զօր. Աուն եւ Հազիմ պատրիարքը

Անտիոքի եւ Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքը երէկ Պալամանտի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը, որուն ընկերակցեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աշխատանքներու ընդհանուր համադրող Փիեռ Ռաֆֆուլ, իրաւաբան Ժորժ Աթալլա եւ հանգստեան կոչուած զօրավար Մորիս Ժրայժ:

Հազիմ պատրիարքը դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ զօր. Աունի հետ` քննարկելու համար Լիբանանի եւ շրջանին զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Հազիմ պատրիարքը յայտնեց, որ ինք զօր. Աունը գիտէ այն ատենէն, երբ իր օդանաւը զօր. Աունը փոխադրած էր Ֆրանսա: Ան աւելցուց նաեւ, որ իրենց միջեւ մնայուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ եղած են, սակայն անոնք կասեցուցած են այդ հաղորդակցութիւնները` մէկզմէկու ապահովութեան համար:

Հազիմ պատրիարքը ըսաւ. «Ո՛վ որ կը գործէ Լիբանանի եւ անոր բարօրութեան նպատակով, ապա ան չի տուժեր, իսկ մենք կ՛աղօթենք առ Աստուած, որպէսզի անոր ուժը աւելցնէ: Լիբանանը մեզի է եւ պէտք է միասնակամ ըլլանք` զայն ամուր պահելու համար»:

Իր կարգին, զօր. Աուն յայտնեց, որ ինք եւ Հազիմ պատրիարքը նուազագոյնը 30 տարիէ ի վեր իրար կը ճանչնան` աւելցնելով, որ իրենց միջեւ խորհրդակցութիւններն ու հանդիպումները պիտի շարունակուին:

Նշենք, որ Քուրայի Քֆարհազիր շրջանին մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին, զօր. Աուն յայտնեց, որ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի ըլլան փոփոխութեան վերջին հանգրուանը, որուն պիտի յաջորդէ ընդհանուր փլուզումը:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ բարեկարգումը կը կատարուի, երբ կարելի կ՛ըլլայ պաշտօնի հասցնել այդ բարեկարգումը գործադրելու ատակ անձնաւորութիւններ:

Միւս կողմէ, զօր. Աուն շաբաթավերջին կատարած իր յայտարարութիւններուն շրջագիծին մէջ յայտնեց, որ ինք վարչապետ Նեժիպ Միքաթին թիրախ չի դարձներ` աւելցնելով, որ Միքաթին է, որ զինք թիրախ կը դարձնէ: Միւս կողմէ, զօր. Աուն հարց տուաւ վարչապետին, որ արդեօք ապօրինութիւնները ծածկելը հերոսութի՞ւն է: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ դատաւորներուն նշանակումը պէտք չէ ենթարկուի քաղաքական թէ ընտրական տարազներու:

Share this Article
CATEGORIES