ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՖՐԱՆՍԱՏԱՌ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Նախագահ Սլէյման կ՛այցելէ ցուցահանդէսի տաղաւարները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ ետք այցելեց ֆրանսատառ գիրքերու ցուցահանդէսը, որ տեղի կ՛ունենայ «Պիել»ի մէջ:

Նախագահին ընկերակցեցաւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ:

Շրջելէ ետք ցուցահանդէսին զանազան տաղաւարներուն մէջ` նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Լիբանան ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան երկիրն է: Ան աւելցուց, որ ներկայիս լիբանանցիները շատ աւելի կ՛արժեւորեն եւ կը գիտնան յարգը ժողովրդավարութեան, զոր ունեցած են անկախութենէն ի վեր:

Այս առիթով, նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն քուէարկելու ի նպաստ Ժեհիթայի քարայրին` նկատի ունենալով անոր թեկնածութիւնը` ընտրուելու աշխարհի 7 հրաշալիքներէն մէկը:

Այլ գետնի վրայ, «Տիար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց միջլիբանանեան ազգային երկխօսութեան վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ երկխօսութեան առիթը տակաւին առկայ է եւ ընդգծելով, որ ինք այս իմաստով կը սպասէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացնելիք առաջարկները:

Նշենք, որ վաղը` երեքշաբթի յետմիջօրէին, կառավարութիւնը Պաապտայի մէջ պիտի գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 33 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Կը նախատեսուի, որ նիստին ընթացքին քննարկուի նաեւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի մշակած ընտրական օրէնքը:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյմանի այցելուները շեշտեցին, որ ան երբեք մտադիր չէ 2009-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ կատարել յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES