ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՈՉ ՄՆԱՅՈՒՆ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐՆԵՐԸ

Ազրպէյճանի 129 քուէներով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ ընտրուիլը քանի մը կարեւոր դիտարկումներու դուռ կը բանայ:

Նախ անմիջապէս պէտք է նշել, որ Ազրպէյճան երկար ատենէ ի վեր հետեւողական աշխատանք կը տանի արցախեան հակամարտութեան թղթածրարի քննարկումը ՄԱԿ տեղափոխելու: ՄԱԿ-ի ցարդ քուէարկած 4 բանաձեւերը, որոշ հաւասարակշռութիւն պահած ըլլալով հանդերձ հիմնական նախաձեռնութիւնը եղած են ՄԱԿ-ի մօտ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն:

Հիմնախնդիրը ՄԱԿ տեղափոխելու ազրպէյճանական նկրտումներուն շարժառիթները պարզ են: Այնտեղ անդամ են մեծ թիւով իսլամական երկիրներ, որոնց մասնակցութեամբ գումարուող վեհաժողովներուն պաշտօնական Պաքուն կը ներկայացնէ Ղարաբաղի հարցը` կրօնական բնոյթի շեշտադրումներով եւ ամէնէն հակահայ բանաձեւերու նախագիծերով: Իսլամական երկիրներու դիրքորոշումը պարզապէս կը ծառայեցուի ՄԱԿ-ի համագումարներուն նոյն այդ երկիրներու կողմնորոշման ազրպէյճանական աշխատանքներուն: Այստեղ անշուշտ յստակ է նախ Անգարայի եւ ապա այդ ճամբով ընդհանրապէս թրքախօս-թրքալեզու երկիրներու կանխորոշումի գործօնը: Այս արդէն երկրորդ կարեւոր միջավայրն է ՄԱԿ-ի հետագայ որոշումները ամրակայելու:

Ըսինք արդէն, որ ՄԱԿ-ը 4 բանաձեւ քուէարկած է  Ղարաբաղի հարցով: Պէտք է աւելցնել, որ այդ բանաձեւերը պարտադիր հանգամանք չունին, առ այդ` ՄԱԿ-ի միջամտութիւնը ղարաբաղեան խնդիրին չեն ապահովեր: Աւելի՛ն: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը յստակ դարձուցած է, որ միջազգային ընտանիքը համաձայնած է արդէն հարցի խաղաղ կարգաւորման համար իբրեւ միջնորդական առաքելութեան ձեւաչափ ճշդել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը, հետեւաբար ՄԱԿ-էն գործնական լուծումներ եւ միջամտութիւններ ակնկալելը ճիշդ չի նկատուիր իրաւականօրէն:

Այս չի նշանակեր սակայն, որ հիմնախնդիրը ՄԱԿ տեղափոխելու աշխատանքները բոլորովին ապարդիւն են: Անկախ միջազգային ընտանիքի եւ միջազգային հանրութեան կողմնորոշման նպաստելէն, անոնք արդէն պաշտօնական կեցուածքներու ճշդումներ են: Առնուազն քուէարկութեան մասնակից երկիրները կը զգուշանան յաչս միջազգային ընտանիքին կատարած իրենց պաշտօնական դիրքորոշումէն տարբեր կեցուածքներ ճշդելու այլապէս եւ այլ առիթներու:

Յստակ է, որ հայկական դիւանագիտութիւնը չէ յաջողած առաւելներ արձանագրել այս հարցին մէջ: Իսկ ասիկա միայն ներկայի հարց չէ: 4 բանաձեւերը որոշ ժամանակ կ՛ենթադրեն եւ այդ մէկը հարկ է նկատի ունենալ հայկական դիւանագիտութեան ընդհանուր աշխատանքներուն մասին գնահատական տալու պահուն: Խնդիրը նախ եւ առաջ կրօնական եւ ցեղային պատկանելիութիւններու շահարկումով կացութիւն ստեղծելն է, որ կը յաջողի կիրարկել Պաքուն:

Հայկական դիւանագիտութեան նախաձեռնողականութեան բացակայութիւնը զգալի է յամենայն դէպս: Երեք ընտրութենէ ետք էր միայն, որ Ազրպէյճան հաւաքեց քուէներու ներկայ պատկերը: Մինչ այդ, Երեւանը պարտէր ներկայացնել իր թեկնածութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի  ոչ մնայուն   անդամակցութեան: Այս մէկը կը նպաստէր, որ տարբեր երկիրներ չէզոք մնալու նախանձախնդրութենէն եւ սկզբունքէն մեկնած հակամարտող որեւէ երկրի յօգուտ չդիրքորոշուէին: Այսպիսով բարոյական այդ պարտքէն բոլորովին ազատ` անոնք քուէարկեցին ի նպաստ Ազրպէյճանի անդամակցութեան: Նոյնիսկ թեկնածու Սլովենիան այդ քայլին դիմեց երրորդ քուէարկութեան ընթացքին:

Ճիշդ է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ երկիրներու կշիռը հիմնական նշանակութիւն չունի: Այսուհանդերձ Պաքուն կրցած է հարուածել իր կողմէ ընտրուած թիրախը: Մեր գիտակցուած կրաւորականութիւնը` Ազրպէյճանի դիմաց նկատառելի պակաս քուէ հաւաքելով չհեղինակազրկուելու, իր արդիւնքը չէ տուած: Նուազ քուէներու պատկերը կրնար նաեւ ձախողեցնել առաւել քուէներ ստացած Ազրպէյճանի ընտրութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին:

Հիմա կատարուած իրողութիւն է: Մեր դիւանագիտութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ մնայուն եւ ոչ ժամանակաւոր անդամներուն մօտ աշխուժօրէն պէտք է աշխատի` յիշեցնելու համար, որ անվտանգութեան նման կառոյցներու մէջ ներգրաւուող երկիրը պէտք է միջազգային ընտանիքի այլ անդամներու եւ համապատասխան օրինաչափութիւններու յարգումով նոյնքան նախանձախնդիր ըլլայ խաղաղութեան պահպանման, նոյնքան խիստ ռազմատենչ հռետորաբանութիւն կիրարկողներուն եւ նոյնքան դատապարտող համաձայնեցուած հրադադարները խախտողներուն նկատմամբ:

Share this Article
CATEGORIES