ՎԱՆԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ Ս. ԽԱՉԻ ԳՄԲԷԹԸ ՎՆԱՍՈՒԱԾ Է
Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ըստ նախնական տուեալներուն, օրեր առաջ Վանի մէջ տեղի ունեցած ուժեղ երկրաշարժին պատճառով վնասուած է Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ գմբէթը, որուն վրայ ճեղք յառաջացած է:
Յիշեցնենք, որ Ս. Խաչ եկեղեցին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ վերանորոգուած է 2007-ին եւ վերաբացուած իբրեւ թանգարան: Վերաբացումէն երեք տարի ետք Անգարա թոյլ տուաւ եկեղեցւոյ մէջ տարին մէկ անգամ պատարագ մատուցել: Առաջին պատարագը տեղի ունեցաւ անցեալ տարուան 19 սեպտեմբերին, սակայն եկեղեցւոյ գմբէթին խաչը տեղադրուեցաւ պատարագի մատուցումէն շուրջ տասը օր ետք:
Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, երկրաշարժին պատճառով վնասուած է նաեւ Վարագայ վանքը:
CATEGORIES Հայկական


