ԵԱՀԿ-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԵՆ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով ԵԱՀԿ-ի մէջ Լիթուանիոյ ներկայացուցչութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, կը հաղորդէ, որ 6-7 դեկտեմբերին Վիլնիւսի մէջ տեղի ունենալիք ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին այլ հարցերու կողքին պիտի քննարկուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթը:

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին Մոլտաւիոյ եւ Վրաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապները, ուժանիւթի անվտանգութիւնը, թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարը եւ այլ հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES