ՔՈՆՏՈԼԻԶԱ ՌԱՅՍ ԿԸ ՊԱՏՄԷ ՔՈՆԿՐԵՍԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ԴԷՄ ԻՐ ՏԱՐԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ ՄԱՍԻՆ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Քոնտոլիզա Ռայս կը պատրաստուի յառաջիկային հրապարակելու «Չկայ աւելի բարձր պատիւ» խորագիրով իր գիրքը, որուն մէջ ան ներառած է իր պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանին վերաբերող յուշերը, սակայն նախքան գիրքին լոյս տեսնելը, այդ գիրքէն որոշ հատուածներ մամուլի ճամբով լոյս տեսած են:
Ռայս գիրքին մէջ բաւական մեծ տեղ յատկացուցած է Ուաշինկթըն-Անգարա յարաբերութիւններուն: Ան պատմած է իր` Թուրքիոյ այդ ժամանակուան արտաքին գործոց նախարար, ներկայիս նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի եւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ ունեցած յարաբերութիւններուն, թուրք-քրտական բախումներուն պատճառով շրջանին մէջ ստեղծուած լարուած իրավիճակին, Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւին տապալման համար իր մղած պայքարին մասին:
Ան գրած է, թէ ինչպէ՛ս բառին բուն իմաստով քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան այդ ժամանակուան նախագահ Նենսի Փելոսիին աղաչած է կասեցնել Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւի որդեգրման հոլովոյթը: «Թուրքիոյ հետ մեր դիւանագիտական յարաբերութիւնները վտանգուած էին: Հայկական հզօր լոպին տարիներ շարունակ կը պայքարէր` Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն բնութագրող բանաձեւը Քոնկրեսին մէջ որդեգրել տալու համար: Այդ ամէնը ազդեցութիւն կ՛ունենար Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն վրայ: Այդ նիւթին հետ առաջին անգամ առնչութիւն ունեցած եմ 1991-ին, երբ կ՛աշխատէի Սպիտակ տան մէջ: Ծոցի առաջին պատերազմին ընթացքին շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող թուրքերը բարկացած էին այն բանին համար, որ կը փորձէին զիրենք պատասխանատու դարձնել Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն հետ: Իսկ արդէն 1991-ին եւ ատկէ ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահներն ու արտաքին գործոց նախարարները այլեւս դադրեցուցին ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւերու որդեգրման հոլովոյթին աջակցութիւն ցուցաբերելը:
«Ոչ ոք կը հերքէ այդ ողբերգական իրադարձութիւնները: Սակայն ատիկա ոչ թէ քաղաքական գործիչներու, այլ պատմաբաններու գործն է, անոնք պէտք է որոշում տան: Եւ ճիշդ այն ատեն, երբ թուրք-իրաքեան սահմանին վրայ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը հասած էր իր գագաթնակէտին, քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը որդեգրեց բանաձեւը: Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիին կ՛աղաչէի այդ բանաձեւը քուէարկութեան չդնել Քոնկրեսի լիագումար նիստի օրակարգին վրայ: Սակայն Փելոսի ինծի ըսաւ. «Ոչինչ կրնամ ընել»: Պաշտպանութեան նախարար Կէյցի հետ մամուլին յայտարարեցինք, որ դէմ ենք բանաձեւին եւ փոխանցեցինք Իրաքի մէջ մեր զինուորական հրամանատարութեան այն յայտարարութիւնը, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ մեծ է Թուրքիոյ մէջ կարեւոր ռազմակայաններ կորսնցնելու հաւանականութիւնը: Մենք թուրքերուն խոստացանք քոնկրեսին մէջ ամէն գնով տապալել այդ բանաձեւը եւ ի վերջոյ կրցանք կասեցնել այդ հոլովոյթը: Հայերը, որոնք կ՛ուզէին զարգացնել Թուրքիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները, նոյնպէս այդ բանաձեւին որդեգրման կարիքը չունէին», կը գրէ Ռայս իր յուշերուն մէջ:


