ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Կ՛ԱՓՍՈՍԱՅ ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ

Վահան Յովհաննիսեան

Անդրադառնալով Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանի հրաժարականին` հայրենի «Երկիր» օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան շատ բարձր գնահատեց Կարէն Կարապետեանի աշխատանքը: «Անոր հետ մենք եւ մեր հանրութիւնը լուրջ յոյսեր կապած էինք», ընդգծեց Վ. Յովհաննիսեան:

Վահան Յովհաննիսեանին կը բարկացնէ այն երեւոյթը, որ թէ՛ լեւոնամէտ եւ թէ՛ իշխանամէտ լրատուամիջոցները ամէնէն աղտոտ ձեւով` ձայները միացուցած կը փորձեն ներկայացնել այնպէս, իբրեւ թէ Կարէն Կարապետեանին բարձր աշխատավարձ առաջարկած են ուրիշ երկրի մը մէջ, անոր համար ալ ան կը լքէ քաղաքապետի պաշտօնը եւ կը հեռանայ: Ան աւելցուց, որ այս պահուն փորձ կը կատարուի նոյնիսկ նուաստացնել մարդուն, սեւ բիծ ձգել անոր վրայ: Ըստ անոր, ոչ ոք կ՛ուզէ ընդունիլ, որ այս իշխանութեան հետ բնականոն, արհեստավարժ մարդը չի կրնար աշխատիլ եւ կը զզուի ու կ՛երթայ, ինչ որ շատ ցաւալի է:

Վ. Յովհաննիսեան նշեց, որ Կարէն Կարապետեան, ըլլալով պարկեշտ մարդ, պարզապէս չյաջողեցաւ աշխատիլ, «որովհետեւ անոր կ՛ըսէին` քաղաքը կարգաւորէ, բայց ասոր ձեռք չտաս, անոր ձեռք չտաս, այս երրորդին ալ ձեռք չտաս, միւս չորրորդն ալ մերն է»:

Ան աւելցուց, որ այդ պայմաններուն մէջ ոչ մէկ քաղաքապետ կրնար դիմանալ, քանի որ Կարէն Կարապետեան այդ տեսակէն չէր:

Share this Article
CATEGORIES