ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՃԱՏՐԱԿԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՋԱԽՋԱԽԻՉ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ` ԱՆԳԼԻՈՅ ԴԷՄ

Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող պատանիներու ճատրակի համաշխարհային ողիմպիականի 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականը ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Անգլիոյ հաւաքականին դէմ (4-0), 23,5 կէտով վերագրաւեց առաջին դիրքը:

Ռուսիա նոյնպէս արձանագրեց յաղթանակ մը Ղազախստանի դէմ (3-1): Ան այժմ 23 կէտով կը գտնուի երկրորդ դիրքին վրայ:

Մրցաշարքի աւարտին մնացած է երկու հանգրուան:

Share this Article
CATEGORIES