ՇԱՐԱՓՈՎԱՅԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՐԿԱՑՈՒՑԱԾ Է ԹՈՒՐՔ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

Շաբաթավերջին Թուրքիոյ մէջ աւարտած աղջկանց Մասթըրզի մրցաշարքէն քաշուած Մարիա Շարափովայի յայտարարութիւնը բարկացուցած է Թուրքիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Սուատ Քըլըճը:

Շարափովա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ Պոլսոյ մէջ շուները վոհմակներով կը թափառին եւ այդ իսկ պատճառով ինք որոշած է այլեւս երբեք Պոլիս չգալ:

Թուրք նախարարը ըսած է, որ Շարափովա կը փորձէ Պոլիսը մեղադրել իր ստացած վնասուածքին եւ մրցաշարքը լքելուն համար: «Շատ անարդար է Շարափովայի յայտարարութիւնը, որ կրնայ հեղինակազրկել 2020-ի ողիմպիական խաղերուն համար իր թեկնածութիւնը դրած Թուրքիան», յայտարարած է Քըլըճ:

Նշենք, որ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած աղջկանց Մասթըրզի մրցաշարքի բաժակին եւ 4,55 միլիոն տոլար արժողութեամբ չեքի մը տիրացաւ չեխ Փեթրա Քըվիթովան`  աւարտական մրցումին` յաղթելէ ետք պիելոռուս Վիքթորիա Ազարենքային` 7-5, 4-6 եւ 6-3 արդիւնքով:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES