ԴԷՊԻ ՊԱՊԵՆԱԿԱՆ ԱԿՈՒՆՔՆԵՐ

Մեր սերունդը հասակ առած է մեր պապերուն տառապալից ու արկածախնդրական պատմութիւններուն ծանրութեան տակ: Մեր պապերուն կեանքը լեցուն էր հայրենի հողին կարօտով ու անցեալի երազներով: Անոնք մեր հորիզոնին վրայ գծած են հայրենիքը տեսնելու իտէալը: Մենք` Մուսա լերան թոռներս, միշտ լսելով անոնց տարած հերոսամարտի դէպքերուն մասին, կ՛երազէինք անպայման տեսնել մեր հայրենի հողերը:

Այս ամառ որոշեցինք անպայման այցելել մեր գրաւեալ հայրենիքը ու վայելել անոր բնութիւնն ու հմայքը: Մեզի համար այս պիտի ըլլար ուխտագնացութիւն մը` դէպի մեր արմատները:

Սկսաւ մեր երկար ուղեւորութիւնը դէպի հայրենի երկիր: Երբ հասանք թրքական սահման, կարծէք` սարսուռ մը անցաւ մեր հոգիներէն, եւ մենք զգացինք մեր նախնիներուն շունչը: Կարծէք` տակաւին ամէն կողմ հայ կ՛ապրէր ու մեզ կը կանչէր իր մօտ:

Մուսա լեռը մեզ դիմաւորեց իր եօթը գիւղերով, որոնք տակաւին կը պահէին իրենց հրաշալի բնութիւնը: Այցելելով իւրաքանչիւր գիւղ ու թաղ` հոն ապրեցանք մեր պապերուն առօրեան: Կ՛երեւակայէինք իւրաքանչիւր մուսա լեռցի իր պարտէզին մէջ աշխատելու կամ եկեղեցին աղօթելու ընթացքին. բայց աւա՜ղ, որ իրականութեան մէջ զանոնք տեսանք թուրքերուն կողմէ գրաւուած: Թշնամին էր մեր պապերուն ձգած բարիքները վայելողը:

Ահա Խտրպէկի պատմական սօսին, որուն ներքեւ մեր պապերը անցուցած են ուրախ օրեր, իսկ հիմա թուրքն է, որ կը վայելէ անոր շուքը: Ծառին կողքին կը գտնուի հին աղբիւրը. յուզումով ծռեցանք եւ անյագօրէն խմեցինք հայրենի ջուրը. կարծէք`  կը ջանայինք յագեցնել նաեւ մեր պապերուն ծարաւը: Այնպէս կը թուէր, որ այդ աղբիւրին զուլալ ջուրն անգամ կ՛արտացոլէր պապերուն երբեմնի ուրախ դէմքերը: Ահա` եկեղեցւոյ աւերակներն ու Խտրպէկի արահետները, որոնց հին տուները, իրենց թուականներով եւ արձանագրութիւններով, կը ջանան ըսել, որ հայու կը պատկանէին, բայց հիմա լեցուած են թուրք բնակիչներով: Անձկութեամբ կ՛անցնինք մեր պապերուն կառուցած հնամեայ կամուրջին վրայէն ու կը մտնենք Եօղունօլուք: Անոր արահետները մեզ կը գերեն իրենց հին ու համեստ տուներով: Ահա Եօղունօլուք շքեղ եկեղեցին` մզկիթի վերածուած: Կ՛երեւակայեմ այն օրերը, երբ այս եկեղեցին կ՛արձագանգէր հայկական աղօթք: Կ՛ուղղուինք դէպի Հաճի Հապապլի. ճանապարհին ի զուր կը փնտռենք Թովմաս առաքեալի հնամեայ վանքը. աւա՜ղ, քարակոյտ մը դարձած է ան լոկ մեր դիմաց: Քապուսիէն իր շքեղ բնութեամբ կը հիացնէ մեզ: Բարձրանալով աւելի վեր` կ՛ուղղուինք դէպի Ս. Սարգիս ուխտատեղի. կարծէք` Ս. Սարգիսն ալ տխուր էր, կարօտն ունէր հայկական շունչի: Դէպի Մաղարնին մեզ կը դիմաւորեն այն քարայրները, ուր Մեծն Տիգրանի զինուորները բնակած են ժամանակին:

Չքնաղ էր Մուսա լերան ծովեզերեայ բնութիւնը:

Այդտեղի պանդոկներն ու ճաշարանները լի են օտար զբօսաշրջիկներով, ուրախ էինք հանդիպելով անոնց հայ տէրերուն: Պիթիասը իր կանաչազարդ բնութեամբ ու մաքուր օդով դարձած էր զբօսաշրջութեան վայր եւ լեցուն էր թուրքերով: Հոն կը բնակի միայն մէկ հայ ընտանիք, որուն տան մէջ մենք վայելեցինք ջերմ ու հարազատ պահեր: Պիթիասի եկեղեցին եւս վերածուած է մզկիթի, բայց եւ այնպէս մենք կը լսէինք անոր զանգին ղօղանջները:

Այս տխրութեան մէջ աստղի պէս կը փայլէր Վագըֆ գիւղը, որ Մուսա լերան մէջ մնացած միակ հայկական գիւղն էր իր հայկական եկեղեցիով եւ փոքրաթիւ մուսալեռցիներով: Վագըֆ բեկոր մըն է մեր սիրելի Մուսա լեռէն: Հոն տակաւին կ՛ապրին 35 ընտանիքներ, որոնք ամէն գնով կը ջանան հայ մնալ: Անոնք նորոգելով իրենց եկեղեցին` վերածած են հրաշալի կառոյցի: Վագըֆ իւրաքանչիւր Աստուածածնայ տօնին դէպի իրեն կը կանչէ շրջանի եւ սփիւռքի հայերն ու օտարները: Ուրախ եռուզեռ էր ամէն կողմ. սփիւռքի մուսալեռցիները հոն եկած էին, ամբողջ մէկ շաբթուան ընթացքին Վագըֆ կ՛եռար ուրախ. հոն համախմբուած էին երիտասարդներն ու տարեցները, որոնց դէմքերուն վրայ յստակ էր ջերմութեան եւ հարազատութեան զգացումը: Այս տարուան տօնախմբութեան ներկայ էին մօտաւորապէս 2000 հայեր, հոն էր նաեւ Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահ Արամ եպս. Աթէշեան: Վագըֆցիները ամէն երեկոյ հիւրերուն կը հրամցնէին համեղ աւանդական ճաշեր ու խորոված: Աւանդական տհոլն ու զուռնան կը թնդային ամէն գիշեր, իսկ շաբաթ երեկոյեան այդ հասած էր գագաթնակէտին: Խուռներամ բազմութիւնը կը պարէր շուրջպարը` տարեցները դարձեալ երիտասարդ դարձնելով, ինչ որ եկեղեցւոյ բակը կը թնդացնէր: Քիչ մը անդին հարիսայի ութ կաթսաները ճարճատող կրակին վրան համեղ բուրմունք մը կը տարածէին չորսդին:

Կիրակի, 14 օգոստոսին, Արամ եպս. Աթէշեան կատարեց սուրբ եւ անմահ պատարագ, որուն յաջորդեցին խաղողօրհնէքն ու հարիսայի օրհնութիւնը. աւարտին ուխտաւորները ճաշակեցին համեղ հարիսան ու խաղողը:

Երկուշաբթի օրուան մեռելոցի պատարագէն ետք, կ՛ուղղուինք դէպի Անտիոք` շարունակելու համար մեր ուխտագնացութիւնը: Որոնդէս գետի յորդառատ ջուրը մեզ դիմաւորելէ ետք, կ՛այցելենք Ս. Պետրոս առաքեալի եկեղեցին, որ ժայռափոր հրաշակերտ մըն է, եւ ուր ճգնած է առաքեալը: Եկեղեցին կը գտնուի բարձունքի մը վրան, ուրկէ կ՛երեւի Անտիոքի համայնապատկերը: Շարունակելով` կը հասնինք Ալեքսանտրէթ հրաշալի քաղաքը: Ծովեզերեայ այս քաղաքին մէջ կ՛ապրին 20 հայ ընտանիք. անոնք ունին 1872-ին կառուցուած Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցին: Հոնկէ մեր քայլերը կ՛ուղղենք Օսմանլիէ քաղաքը, որ մեզ դիմաւորեց հայկական հինաւուրց բերդով` հսկայ լերան բազմած: Ապա Խարբերդը մեզի տխուր կը ժպտայ հեռուէն` իր կիսաքանդ բերդով: Կը մօտենանք Սէյհան գիւղաքաղաքին, ուրկէ կը հոսի մեր հարազատ Ճիհուն գետը` Ատանայի լայն դաշտագետիններէն: Ճիհունի վրայ կը գտնուի հնադարեան քարէ կամուրջը իր բազմաթիւ կամարներով: Ասոր կողքին թուրքերը հիմա շինած են մետաղէ հսկայ կամուրջ մը, որուն վրան կանգնելով` մտաբերեցինք սիրուն Ատանային անցեալը, յիշեցինք, որ մօտիկ անցեալին բազմաթիւ հայեր կը բնակէին հոս. բայց հիմա, նայելով կամուրջն ի վեր, կարծէք կը տեսնենք նաեւ Եղեռնը, ջուրերուն տակէն կ՛երեւին մեր ոսկեայ  խաչերն ու բուրվառները, որոնք ինկան Սիհունի ջուրերուն մէջ, երբ Սիսի կաթողիկոսարանը փախուստ կու տար դէպի սփիւռք` իրեն հետ առած հնադարեան Աւետարաններն ու խաչերը: Կը մտնենք Սիս, որ ներկայիս դատապարտուած է անուանափոխութեան: Կը քայլենք փողոցներուն մէջ, հայու տուները գրաւուած են թուրքերու կողմէ: Կիլիկիոյ հայոց աթոռանիստ քաղաքը դատարկուած է հայութենէ, եւ մենք ի զուր կը փնտռենք հայոց հին շուկան, որ վերածուած է նոր ոճով շուկայի: Ապա կը բարձրանանք դէպի Սիսի բերդը: Լերան ստորոտը անցեալի կաթողիկոսարանէն կանգուն մնացած է պարիսպներէն մաս մը: Սիսի բերդը խրոխտ ու յաղթական կանգնած էր ապառաժներուն վրայ, ուր կարելի չէր մագլցիլ: Սիսէն սրտատրոփ կը հեռանանք` անցնելու չքնաղ Ատանայէն, որ մեզ կը գերէ իր չնաշխարհիկ բնութեամբ, ընդարձակ մարգագետիններով ու պտղատու պարտէզներով, սակայն դատարկ` իր հայութենէն: Այնթապ կը հասնինք եւ ի զուր կը փնտռենք հայկական մասունքներ… ո՞ւր են մեր եկեղեցիներն ու Այնթապի նշանաւոր քոլեճը, որ տուած է  հայ մտաւորականներու հսկայ խումբ մը…

Շարունակելով երկարաձիգ ճանապարհորդութիւնը` կ՛անցնինք Հաճընէն, Զէյթունէն, Քիլիսէն, ապա` Պիթլիս, Ուրֆա եւ Պերեճիք: Իւրաքանչիւր անգամ, երբ տեսնէինք թուրքին կողմէ մեր խեղաթիւրած պատմութիւնը, մեր սրբապղծուած աւանդութիւնները, մեր հոգին կ՛ընդվզէր:

Եւ ահա, վերջապէս, Տիգրանակերտը, որ ներկայիս բնակուած է թուրքերով եւ քիւրտերով: Տիգրանակերտի մէջ քիւրտ եւ զազա երկու աղջիկներու ծանօթացանք: Անոնք ուզեցին օգնել մեզի մեր շրջագայութեան: Զազա աղջիկը ուրախ էր մեզմով, քանի որ իր մեծ հօրմէն լսած է, թէ զազաները, ծագումով հայ եղած են: Տիգրանակերտի եկեղեցիներէն մէկուն վրայ կառուցած են մզկիթ մը, իսկ ուրիշ մը  վերածած` լուացարանի: Անցնելով հայկական հին թաղամասերու նեղ արահետներէն` կը հասնինք, Ս. Կիրակոս եկեղեցին, որ իր հինգ խորաններով տակաւին կը պահէ իր հայկական դիմագիծը, սակայն մնացած բաժիններէն, նորոգութեան պատրուակով, թուրք բանուորներ կ՛անհետացնէին հայկական որեւէ փորագրութիւն: Հիացումով սերտելէ ետք այս բոլորը, ուղղուեցանք դէպի Տիգրանակերտի պարիսպները: Անոնցմէ մէկը ունէր մէկէ աւելի դուռեր, ուրկէ կ՛երեւէր Տիգրիսը: Կը տեսնենք Տիգրիսը, ո ականատես եղաւ հայ կիներուն ու մանուկներուն անձնասպանութեան: Ա՜հ, ի՜նչ դաժան ճակատագիր: Հանրակառքով կը մեկնինք դէպի Պաթման, ապա` Սասուն: Սասնոյ լեռնային  կածանները մեր մէջ կ՛արթնցնէին ծանր յուշեր: Վիթխարի լեռներն ու ժայռերը մեզ տարին դէպի հայոց փառապանծ անցեալ: Հոս զգալի էին Գ. Չաւուշի շունչն ու Անդրանիկի խռոխտ երթը:

Սասնոյ ճամբուն կը կարծէինք մեզ պիտի դիմաւորէր Սասունցի Դաւիթը, սակայն փոխարէնը մեզ դիմաւորեց տհաճ պատահար մը: Հանրակառքին մէջ կնոջս հետ զրուցելու պահուն թուրք ծերունի մը հարց տուաւ, թէ ովքե՞ր ենք եւ ո՞ւր կ՛երթանք. պատասխանեցինք, թէ սասունցի հայ ըլլալով` կ՛երթանք գտնելու մեր պապենական տունը: Ան պատասխանեց, որ մենք հիւր եղած ենք հոս, որովհետեւ Սասունն ու մնացած հողերը թուրքերուն եղած են միշտ, եւ երբ պնդեցինք, որ հայերուն կը պատկանին անոնք, ան զայրացաւ: Հանրակառքին մէջ կային նաեւ այլ երիտասարդ թուրքեր, որոնք սկսան բացատրել ծերունիին, թէ իրենք տեղեակ են, որ այս երկիրը հայերուն կը պատկանէր: Մենք հրճուած էինք թուրք երիտասարդներուն մտածելակերպէն եւ քաջալերուելով այս խօսքերէն` աւելցուցինք, որ Անգարան ու Պոլիսն ալ հայերուն կը պատկանին: Սասնոյ մէջ չկային այլեւս Սասնոյ Եարխուշտան պարող կիներն ու քաջարիներուն Քոչարին, փոխարէնը` կային խեղճուկ տուներ: Ոչ մէկ մասունք կար այն Սասունէն, ուր կռուած ու պաշտպանած են ՀՅԴ-ի ֆետայիները:

Մեր հանրակառքը անցաւ Մշոյ դաշտէն: Ան լեցուն էր ցորենի դաշտով ու անասուններով: Արածանի գետը հեզասահ կ՛անցնէր անոր մէջէն: Հսկայ էր քաղաքը: Մշոյ մէջ տեսանք  մզկիթի վերածուած եկեղեցիներ, ինչպէս` Առաքելոց վանքն ու Ս. Կարապետը: Մշոյ համայնապատկերն ալ գեղեցիկ էր բարձունիքի վրայ: Յիշելով բանաստեղծին խօսքը, թէ` «Ո՞ւր է Մուշը, Վանը, հայոց Արտահանը», ուղղուեցանք գտնելու զանոնք: Ճանապարհին մտանք Թաթքան քրտաբնակ գիւղը:

Նաւով, Վանայ լիճի վրայէն կտրեցինք 4 քմ` տարածութիւն դիմաւորելու համար Սիփան սարէն: Հիանալի զգացումներով լեցուած էինք կապոյտ ջուրերուն վրայ, հեռուէն կ՛երեւէր Գագիկ թագաւորին կողմէ կ՛առուցուած Ս. Խաչ եկեղեցին. այն միակ հայկական եկեղեցին է, որ պահած է իր սրբաքանդակներն ու խաչը, թէեւ թուրքերը զայն վերածած են զբօսաշրջային վայրի. հոն մուտքը վճարովի է, բայց որպէս հայ` ձրիաբար մտանք եկեղեցի, քանի որ մերժեցինք վճարել:

Զգալի է, որ պատերը ծարաւ էին հայու աղօթքին, եւ մենք յագեցուցինք զայն մեր մոմավառութեամբ եւ աղօթքով: Ապա անցանք Վան, Վասպուրական, Խրիմեան հայրիկի քաղաքը: Այցելեցինք ուրարտական բերդը: Յաջորդ առաւօտ ուղղուեցանք դէպի «Աղրը»: Տեսանք Մասիսը մեր դիմաց եւ սարսուռ մը անցաւ մեր մէջէն, երբ տեսանք մեր պապերուն երազած Արարատը: Չարենցի ծննդավայր Կարսին մօտենալով` տեսանք մզկիթի վերածուած Ս. Առաքելոցը: Մզկիթներ կառուցած էին նաեւ հին հայկական տուներու փոխարէն: Թուրքերը յստակօրէն կը խեղաթիւրեն մեր պատմութիւնը, եւ մենք կը կարդանք օտար լեզուով որմազդ մը, որ կ՛ըսէ, թէ այդ մզկիթը հնադարեան կառոյց մըն է: Յուզուած` կը քալենք Կարսի կամուրջի վրայէն` յիշելով Չարենցը: Կարսէն կը մեկնինք դէպի Անի. բագրատունեաց նախկին մայրաքաղաքը կու լար իր հազար ու մէկ եկեղեցիներով: Նկարուեցանք իւրաքանչիւրին առջեւ` կարծէք յաւերժացնելու համար զանոնք: Հոսկէ ալ թուրքը  նիւթական շահ կը ստանար, եւ մենք դարձեալ չվճարեցինք: Ահա Ախուրեան գետը, որ մեզ կը բաժնէ ներկայ Հայաստանէն: Տեսանք հայ զինուորներ, որոնք իրենց աչքերը կարօտով ուղղած էին դէպի Անի: Ապա կ՛երթանք Արտահան ու կ՛այցելենք բերդը: Յետոյ կը մեկնինք դէպի Էրզրում: Էրզրումի կամուրջէն անցնելու ժամանակ կը յիշէինք ֆետայիները. Սերոբ Աղբիւրն ու իր ընկերները իրենց նժոյգներով. այս տեղերէն անցնելու ժամանակ նկարեցինք բերդն ու եկեղեցին ու փնտռեցինք հայկական տուներ, սակայն փոխարէնը ականատես եղանք մնացած հայկական թաղամասի մը քանդումին:

Մեր ուղեւորութիւնը շարունակուեցաւ դէպի Երզնկա, Ավաւ ու Կապադովկիա` իր ժայռափոր քարայրներով, ուր մարդիկ կը ճգնէին ժամանակին: Կեսարիան գեղեցիկ էր:

Վերջապէս կը հասնինք Պոլիս: Կ՛այցելենք հայոց պատրիարքարանը: Պոլիս ունի 30 եկեղեցի եւ 17 քահանաներ: Հոն կը գործեն «Գարակէօզեան» ու «Պեզճեան» եւ այլ հայկական վարժարաններ: Պոլսոյ մէջ կ՛այցելենք Ս. Փրկիչ  հիւանդանոցը, որուն հիւանդներուն 30 տոկոսը հայեր են: Այցելեցինք հայկական եկեղեցիներ, օրաթերթեր եւ Շիշլիի գերեզմանոցը: Խոնարհեցանք մեր մտաւորականներուն շիրիմներուն: Կը հանդիպինք «Ակօս» եւ «Մարմարա» թերթերուն խմբագրատուները: Փերայի թաղամասին մէջ կը տեսնենք Գրիգոր Զօհրապի դասաւանդած դպրոցը, ուր ուսանած է նաեւ Դանիէլ Վարուժան: Կ՛երթանք Պանք Օթոման, ուր նահատակուած է Բաբգէն Սիւնի:

Կատարեալ էր այս ուխտագնացութիւնը: Ամէնուրեք ապրեցանք մեր պապերուն հետ եւ անոնց շունչով: Ականատես եղանք, թէ ինչպէ՛ս թուրքը կը ջանայ փոխել պատմութիւնը: Ան մշակոյթ չունենալով` կ՛օգտագործէ հայկական եւ այլոց մշակոյթը եւ զանոնք կը ներկայացնէ որպէս իրը, փաստ մը, որ ան ստախօս գող է, բայց կը հաւատանք, թէ որքան ալ որ թուրքը փորձէ խեղաթիւրել պատմութիւնը, հայը անպայման պիտի տիրանայ իր արդար իրաւունքին:

ԼԵՒՈՆ ԵՒ ԹԱՄԱՐ ԹԱՇՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES