50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (1 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ԵՐԵՒԱՆԻ «ՍՊԱՐՏԱԿ»Ը ՅԱՂԹԱԿԱՆ

Գրած էինք, թէ բուռն միջադէպեր պատահեցան Երեւանի «Սպարտակ» եւ Թիֆլիսի «Տինամօ» խումբերու մրցումին ընթացքին: Թիֆլիս, երբ երեւանցիները 1 – 3 կը շահէին մրցումը:

Այս մրցումին եւ պատահած միջադէպերուն մանրամասնութեան եւ տարողութեան մասին լուռ կը մնան Երեւանի թերթերը, որոնք  կը գոհանան տպելով ԹԱՍՍ գործակալութեան պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, ըստ Խ. Միութեան ֆութպոլի ֆետերասիոնի որոշումին` Երեւանի «Սպարտակ»ը նկատելով յաղթական:

«Սովետական Հայաստան» իր հոկտեմբեր վեցի թիւով կու տայ «Թասս»ի հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-

«ՍԱՌՄ ֆութպոլի ֆետերացիայի նախագահութիւնը քննարկեց Թիֆլիսի «Տինամօ» եւ Երեւանի «Սպարտակ» խմբերի երկրի առաջնութեան մրցախաղի հարցը: Մրցախաղը հոկտեմբեր մէկին տեղի էր ունենում «Պուրեվեսթնիք» մարզադաշտում եւ իրաւարար Ն. Կ. Լաթիչեւի կողմից դադարելուց երկրորդ խաղակէսի 22-րդ րոպէին, ընդ որում, հաշիւն էր 1 – 3`  յօգուտ «Սպարտակ» խմբի: Ֆետերացիայի նախագահութիւնը որոշեց ֆութպոլի համամիութենական մրցումների կանոնագրութեանը` համապատասխան Թիֆլիսի «Տինամօ» խմբին պարտութիւն գրանցել եւ առաջարկեց Վրաստանի ֆութպոլի ֆետերացիային` պատշաճ միջոցներ ձեռնարկել ֆութպոլի մրցումների անցկացման ժամանակ «Պուրեվիսթնիք» մարզադաշտում պատշաճ կարգ ու կանոն ապահովելու համար»:

ԸՆԿԵՐՆԵՐ ՔԱՐԵԱՆ ԵՒ ԱԼԵՔ
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆ ՄԷՋ

Անցած երկուշաբթի «Հայրենիք»ի խմբագրութեան այցելութիւն տուած են ընկերներ Հարի Քարեան եւ Ալեք Փիլիպոս, որոնք Քալիֆորնիայէն Նիւ Եորք եկած էին Հայ կրթ. հիմնարկութեան պատգամաւորական ժողովին մասնակցելու համար: Երկու ընկերները սրտապնդիչ տեղեկութիւններ տուած են համագումարի աշխատանքներուն մասին:

Հ. Քարեան, որ վերջերս Հայաստան այցելած էր, իր տպաւորութիւնները պատմած է, մասնաւորաբար գիւղատնտեսութեան մասին, որ յառաջդիմութեան մէջ է: Ան շատ գոհ մնացած է վերաշինութեան աշխատանքներէն:

ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ
ՇԻՔԱԿՈՅԻ ՄԷՋ

Շիքակոյէն հեռաձայնով հաղորդած են «Հայրենիք»ի.-

21 հոկտեմբեր շաբաթ գիշեր, ժամը 8:00-էն մինչեւ կէս գիշերէն ետք ժամը 2:00, տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան օրուան փառաշուք եւ աննախընթաց տօնակատարութիւնը` ժողովրդային հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, ընդհանուր ոգեւորութեան մէջ:

Գեղարուեստական ճոխ յայտագրի մը գործադրութեամբ կատարուեցաւ տօնակատարութիւնը, յատկապէս` օրուան երկու բանախօսներու ճառերով: Արցունք կար շատերու աչքերուն մէջ, եւ բանախօսներուն ճառերը յաճախ ընդհատուեցան բուռն ծափահարութեամբ:

Կ՛ատենապետէր Յակոբ Պարսամեան: Խօսեցան` Յովիկ Էթեան (անգլերէն) եւ Մինաս Թէօլէօլեան (հայերէն), որոնք ստեղծեցին ընդհանուր ոգեւորութիւն եւ յուզում: Ժողովուրդը չէր ուզեր հեռանալ սրահէն:

Հանդէսի պաշտօնական մասէն ետք, տեղի ունեցաւ խրախճանք, երգով ու պարով, մասնակցութեամբ հայկական նուագախումբի, որ Հայաստանէն հին թէ նոր ծանօթ երաժշտագէտներու տոհմիկ ստեղծագործութիւնները կը նուագէր:

 

Share this Article
CATEGORIES