ԹԱՈՒԱՔՈՒԼ ՔԱՐՄԱՆ. «ԵՄԷՆԻ ՆՈՐ ԴԷՄՔԸ»
Կիրակի, 9 հոկտեմբերի կանուխ առաւօտուն, Եմէնի ժողովրդավարութեան կողմնակից գործիչներ եւ քարոզարշաւի մասնակիցներ հաւաքուեցան «Փոփոխութիւն» հրապարակի կեդրոնական բեմին շուրջը, Սանաայի համալսարանին առջեւ` նշելու համար Պընթ էլ Եմէն-ը, Եմէնի դուստրը:
Վերջին ութ ամիսներուն հրապարակը հաւաքուածները ըսին, որ իրենց դատը միջազգային ճանաչում ստացած է այս տարուան նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակը իրենց առաջատար գործիչին` Թաուաքուլ Քարմանի շնորհումով:
Խօսք առնողները իրենց շնորհաւորանքները կը յայտնէին տիկին Քարմանը «մօրաքոյր» կոչելով. իբրեւ նշան անոր վայելած յարգանքին:
Կեդրոնական բեմէն քիչ մը անդին գտնուող վրանին մէջ տիկին Քարման շրջապատուած է իր հետեւորդներով, որոնք իբրեւ աստղի մը կը վարուին իրեն հետ:
Մրցանակը նուաճելէն երկու օր ետք տակաւին դժուար է զայն տեսնել:
«Տիկինը շատ զբաղած է, շատ հարցազրոյցներ ունի, եւ շուտով պէտք է մեկնի», ըսաւ իր օգնականներէն մէկը ինծի` արգիլելով վրան մտնել: Բայց ես ի վերջոյ թափանցեցի վրանը:
«Ես շատ հպարտ եմ այս մրցանակով եւ կը զգամ, որ մեր ջանքերը արդիւնաւորուած են: Ասիկա մրցանակ է Եմէնի համար, Եմէնի երիտասարդութեան եւ կիներուն համար»
Թ. Քարման:
Ես տիկին Քարմանին տունը այցելած էի փետրուարին, երբ ցուցարարները կը պատրաստէին իրենց բողոքի հաւաքներէն մէկը: Տիկինը նոր ձերբակալուած էր մէկ օրուան համար եւ ինծի ըսաւ, որ ոստիկանութիւնը իր շարժումները կը հակի:
Այդուհանդերձ, ինք ատիկա կ՛արհամարհէր եւ վճռական էր:
Կիրակի օր, երբ պատրաստուեցաւ տօնակատարութեան, տիկինը ինծի ըսաւ. «Ես շատ հպարտ եմ այս մրցանակով եւ կը զգամ, որ մեր ջանքերը արդիւնաւորուած են: Ասիկա մրցանակ է Եմէնի համար, Եմէնի երիտասարդութեան եւ կիներուն համար»:
Թաուաքուլ Քարման շրջապատուած էր իր զաւակներով, որոնք կարծես թէ խանդավառ էին, որ իրենց մայրը միջազգային ճանաչում ստացած էր:
«Ես երջանիկ կը զգամ եւ կ՛ուզեմ ապագային մօրս նման ըլլալ», ըսաւ 14-ամեայ դուստրը:
Երբ տիկին Քարման իր վրանէն ելաւ եւ դէպի հրապարակ քալեց, ծափահարութեամբ եւ ողջոյնի խօսքերով դիմաւորուեցաւ:
«Անոնք ուրախ են, որովհետեւ շահած են: Այժմ ամբողջ աշխարհը կը ճանչնայ յեղափոխութիւնը: Ես երջանիկ եմ անոնց համար, ոչ միայն ինքզինքիս համար:
«Եմէնի ժողովուրդը կ՛ուզէ, որ աշխարհը յարգէ զինք: Եմէնցիները ահաբեկիչներ չեն, վայրագ չեն: Այս մրցանակը անոնց յաղթանակ կու տայ յեղափոխութեան համար», ըսաւ Քարման:
Երբ տիկինը մօտեցաւ բեմին, հետեւորդները երգեցին.
«Մենք շահեցանք նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակը»:
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Այն եմէնցիները, որոնց հետ ես խօսեցայ, հպարտ էին նոպէլեան մրցանակին բերած միջազգային ճանաչումով, մասնաւորաբար` Քայիտայի հետ տարիներ առչնուած ըլլալու տպաւորութենէն ետք:
«Մրցանակին մեր վրայ կեդրոնանալը Եմէնի եւ բոլոր կիներուն համար մեծ պատիւ է», ըսաւ կին մը:
Իսմայիլ Մուայատ` Սանաայի համալսարանին մէջ անգլիական գրականութիւն ուսանող 20-ամեայ երիտասարդ մը, կը կարծէ, որ տիկին Քարման Եմէնի նոր դիմագիծ մը տուած է:
«Մենք այլեւս իբրեւ գէշ մարդիկ չենք նկատուիր, ասիկա շատ լաւ է մեր դատին համար», ըսաւ ան:
Բայց այլ տեսակէտ կայ տիկին Քարմանի մասին, թէեւ գրեթէ բոլորը, ներառեալ` նախագահ Սալեհի հետեւորդներէն շատեր, ուրախ են, որ Քարման ստացած է մրցանակը:
«Ան ուժեղ նկարագիր ունի, սակայն զուրկ է ղեկավարի մը հիմնական սկզբունքներէն», ըսաւ հրապարակին վրայ գտնուող ցուցարար մը:
Ան աւելցուց. «Ան յաճախ ինքնագլուխ կը գործէ, առանց մարդոց տեսակէտները լսելու: Քարման ազատութեան կոչ ուղղող բռնատէր մըն է»:
Եւ կը թուի, թէ այս տեսակէտը կ՛արձագանգէ այլ տեղերէ:
«Շատ լաւ է, որ տիկինը ստացաւ մրցանակը, եւ մենք շատ երջանիկ ենք, ատոր համար, բայց կը յուսանք, որ ինք այժմ փոխէ իր աշխատելաոճը», ըսաւ կիներու իրաւունքներու պաշտպան գործիչ մը, որ խնդրեց անունը չհրապարակել: Ան բացատրեց, որ` «Տիկին Քարման շատ յարձակունակ եւ առանձնական էր իր վերաբերմունքին մէջ, բայց այդմ ինք պէտք է տիպար օրինակի դերը ստանձնէ երկրին համար»:
Հրապարակէն դուրս եմէնցի պարզ քաղաքացիները կը շարունակեն իրենց պայքարը` թօթափելու համար արաբական աշխարհի ամէնէն աղքատ երկիրը ըլլալու երեւոյթը: Երկիր մը, որ հետզհետէ աւելի կը խրի քաղաքական, տնտեսական եւ մարդկային տագնապներու մէջ:
Թաքսիի վարորդ Ալի, որ ժամանակին զբօսաշրջային անձնական ընկերութիւն մը ունէր, ըսաւ. «Ես շատ հպարտ եմ, որ եմէնցի կին մը նուաճեց այս մրցանակը, բայց ասիկա իրականութիւնները պիտի չփոխէ գետնի վրայ: Առեւտուրը մեռած է, եւ մենք կ՛ուզենք մեր կեանքը շարունակել»:
ԵՄԷՆԻ ՑՈՅՑԵՐԸ
– 27 յունուար. Հազարաւորներ Սանաայի եւ այլ քաղաքներու մէջ փողոցները իջան` նախագահ Սալեհի հրաժարականը պահանջելով, շաբաթներ տեւած զանգուածային ցոյցեր յաջորդեցին:
– 18 մարտ. 52 ցուցարարներ սպաննուեցան արձակազէններու գնդակներէն, Սալեհ արտակարգ դրութիւն յայտարարեց:
– 21 մարտ.- Բանակի շարք մը բարձրաստիճան սպաներ դասալիք եղան միանալու համար ցուցարարներուն:
– 23 ապրիլ.- Սալեհ ըսաւ, թէ ինք քանի մը շաբաթէն պիտի հրաժարի: Ան աւելի ուշ ուրացաւ համաձայնութիւնը:
– 24 մայիս.- Բախումներ ծայր առին Սալեհի հաւատարիմ ուժերու եւ ցեղախումբերու միջեւ: Օրեր տեւած կռիւներու ընթացքին տասնեակներով զոհեր արձանագրուեցան:
– 3 յունիս: Նախագահական համալիրը ռմբակոծուեցաւ` վիրաւորելով Սալեհը, որ բուժումի համար երկրէն մեկնեցաւ:
– 18 սեպտերմբեր: Պետութեան ուժեր յարձակեցան ցուցարարներու վրայ` զանոնք ցրուելու համար, երկու օրուան մէջ աւելի քան 50 հոգի սպաննուեցաւ:
– 23 սեպտեմբեր.- Սալեհ Եմէն վերադարձաւ:
ԼԻՆԱ ՍԻՆԺԱՊ


