ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՈՒՆԸ ՑՈՒՐՏ ՁՄԵՌ ԿԸ ՍՊԱՍԷ…
ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Լիպիոյ ժամանակակից պատմութեան համար բռնապետ Մուամար Քազզաֆիի արիւնալի աւարտը քարոզչական մեքենաներու բաւական նիւթ դարձաւ, եւ քիչ մը ամէն տեղ բռնապետերը սկսան հաշիւ ընել, որ ամէն բան իր վերջը պիտի ունենայ ուշ կամ կանուխ:
Քազզաֆիին անհանդուրժելիութիւնը գլխաւորաբար անոր «մեծամիտ փիլիսոփայ» ըլլալու մէջ էր: Լիպիոյ ժողովուրդը 42 տարի սպասեց, որպէսզի կարենայ տապալել իր բռնապետ ղեկավարը: Այսօր նոր օր մըն է այլեւս, Լիպիոյ ժողովուրդը իր անկախութիւնը ձեռք ձգեց օտար ուժերու օժանդակութեամբ: Պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ իւրաքանչիւր յեղափոխութիւն, եթէ օժանդակող կամ հովանաւորող կողմ ունի, անպայման որ հետագային, ատոր գինը վճարած է: Օպաման կոչ ըրաւ, որ շատ արագ բաց, հանդուրժող եւ ժողովրդավար Լիպիոյ աշխատանքին սկսին: Փաստը, սակայն, բացայայտ է, որ ո՛չ Թունուզի եւ ո՛չ ալ Եգիպտոսի մէջ յեղափոխականներ կամ ընդդիմադիրները բարի պտուղներ են: Երեսուն-քառասուն տարի բռնապետութեան մէջ հասակ առած սերունդները մէկ օրէն միւսը չէ, որ ժողովրդավար կը դառնան: Աւելի՛ն. միշտ վախ պէտք է ունենալ, որ աւելի ծայրայեղները կրնան գալ: Ամերիկեան քաղաքականութեան պտուղը շուտով չենք քաղեր, ընդհանրապէս ժամանակը ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ արդիւնքներու կը հասնինք: Ես անձնապէս մեծ յոյսեր չեմ կապեր այս յեղափոխութիւններուն վրայ, որովհետեւ շինծու եւ մատակարարուած յեղափոխութիւններ են: Անկախ ըլլալու փոխարէն` ենթակայ կ՛ըլլան:
Քազզաֆիի նման բռնապետերը ուրիշ վախճան չէին կրնար ունենալ, քանի որ ան բազմիցս յայտարարած էր, որ ինք իր երկրին համար պատրաստ էր նահատակուելու: Խօսքը գործի վերածեց, եւ կոյուղիի մէջէն գտնուած երկրի ղեկավարը անյայտ փամփուշտով մը պատմութեան սեւ էջերուն միացաւ: Օտար ուժերու օժանդակութեամբ ձեռք բերուած անկախութիւնները շատ ջուր կը վերցնեն: Արդէն` ՄԱԿ-ի տուեալները ցոյց կու տան, որ Լիպիոյ սահմանամերձ երկիրներու ընդդիմութիւնները Քազզաֆիի 20.000 հրթիռներով մատակարարուած են, այս մէկը` որքան որ տեղեակ են, նոյնքան ալ չգիտցուածը կայ:
Արաբական գարունը միայն Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի ուժերուն գարուն եղաւ, իսկ տուեալ երկիրները երկար եւ ցուրտ ձմեռներ պիտի անցընեն:

