ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
– ՌՈՒՍԱԿԱՆ «Կազեթա.ռու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Արկադի Տվորքովիչ յայտարարած է, որ Ռուսիա պատրաստ է օգնելու եւրոպական գօտիին, որ պարտքի ճգնաժամի դէմ կը պայքարի: Ան նշած է, որ Մոսկուա կը նախատեսէ Եւրոպայի տնտեսութեան մէջ 10 միլիառ տոլար ներդրել: «Քրեմլինը պատրաստ է Եւրոպական Միութեան երկիրներու ղեկավարներուն հետ բանակցութիւններ վարելու», ըսած է Տվորքովիչ:
– ԹՐՔԱԿԱՆ «Սթար» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թուրքերը կը պատրաստուին Պոլսոյ մէջ գտնուող բիւզանդական Այա Սոֆիա տաճարը իբրեւ մզկիթ վերաբանալու: Տաճարը կառուցուած է 537-ին: 15-րդ դարուն սուլթան Մեհմետ Բ.ի կողմէ վերածուած է մզկիթի: Իսկ 1935-ին Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրք բիւզանդական տաճարը վերածած է թանգարանի:
– ՌՈՒՍԱԿԱՆ «Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ եւրոպական երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ «Գրաւէ՛ Ուոլ Սթրիթը» շարժումէն ներշնչուած ցոյցերուն ընթացքին հարիւրաւոր անձերու ձերբակալութենէն ետք, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով քննադատած է Արեւմուտքը Ռուսիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ ժողովրդային ցոյցերուն նկատմամբ «երկակի չափանիշեր» կիրարկելու համար: Լաւրով պատասխանելով ցոյցերը ցրուելու նպատակով ուժ կիրարկելուն համար Ռուսիոյ ուղղուած քննադատութեանց ըսած է, որ «մինչ կը յանդգնին մեզի հարցումներ ուղղել, Արեւմուտքի մէջ մեր գործընկերները չեն ուզեր զբաղիլ իրենց հարցերով, որոնք շատ են»:

