ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻ ԱՆՈՒՆԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՓԱՅԼԵՑԱՒ

Շաբաթ, 29 հոկտեմբերին, «Ազդակ»ի վեցերորդ էջով անդրադարձած էինք «Արեւներ» մանկապատանեկան երգի մրցում-փառատօնին, որուն ընթացքին աւարտական հանգրուանի հասած էր Շաղիկ Գէորգեանի «Իմ շնիկը» հեղինակային երգը: Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ երկու հանգրուանով, աւարտեցաւ կիրակի, 30 հոկտեմբերին: Վերոնշեալ երգը ստացաւ երկրորդ մրցանակ` «Մանկական երգ» անուանակարգին մէջ: Սոյն երգը ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ սփիւռքի կողմէ մասնակցող միակ մրցանակակիր երգն էր: Այս յաղթանակը լիբանանահայ գաղութի անունը բարձրացուց, ինչ որ ցոյց տուաւ գաղութին մշակութային դերն ու նշանակութիւնը հայապահպանման գործին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES