ԼԻՊԻԱ ՓԱՍՏԱՑԻՕՐԷՆ ՃԱՆՉՑԱՒ ԿԻՊՐՈՍԻ ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԱՏՈՒԱԾԸ
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի առողջապահութեան նախարար Ապտել Ռահման Քսան Հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ թրքական հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ քսան համաձայնագիր ստորագրած է:
Ան միջազգային ճանաչում չվայելող ինքնակոչ հանրապետութեան Միջին Արեւելքի հիմնարկի բժշկագիտական կաճառին հետ ստորագրած է արձանագրութիւն մը, ըստ որուն, Մոամմար Քազզաֆիի դէմ մղուած մարտերուն ընթացքին վիրաւորուած լիպիացի ըմբոստներ Կիպրոսի հիւսիսային հատուածին մէջ պիտի բուժուին:
CATEGORIES Միջազգային


