ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԱՌԱՏ ՁԻՒՆԸ 6 ԶՈՀ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ
Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափերուն տեղացած առատ ձիւնին պատճառով միլիոնաւոր քաղաքացիներ մնացած են առանց ելեկտրականութեան: Ըստ պաշտօնական տուեալներու, արձանագրուած է առնուազն վեց զոհ: Ժամական 110 քիլոմեթր արագութեամբ փչող քամիի ուղեկցութեամբ տեղացած ձիւնը առաւելաբար վնասած է Մասաչուսեց նահանգը:
Որոշ բնակավայրերու մէջ մարդոց զգուշացուցած են, որ ելեկտրականութեան մատակարարումը կրնայ վերսկսիլ միայն օրեր ետք: Արտակարգ իրավիճակ յայտարարուած է Նիւ Ճըրզիի, Քոննեքթիքըթի, Մասաչուսեցի եւ Նիւ Եորքի որոշ շրջաններու մէջ:
CATEGORIES Միջազգային


