ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ ՕԹԱՆ-Ի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ
Երէկ աւարտեցաւ Լիպիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի առաքելութիւնը: Որոշումը տրուած էր օրեր առաջ` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ կայացած քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք:
Բայց եւ այնպէս, երկրին մէջ պիտի մնայ զինուորական փոքրաթիւ ուժ մը, որ պիտի օգնէ երկրի փոխանցման կառավարութեան` անվտանգութեան ապահովման հարցին մէջ:
Եօթը ամիս առաջ Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրեց բանաձեւ մը, որով միջազգային ուժերը կը լիազօրէր Լիպիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի մը ստեղծելու: Առաքելութեան նպատակն էր պաշտպանել խաղաղ բնակչութիւնը` Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մոամմար Քազզաֆիի համակիր ուժերուն յարձակումներէն: Օրին բանաձեւին ձեռնպահ քուէարկած էին Ռուսիա եւ Չինաստան:
CATEGORIES Միջազգային

