ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՏՈՀԱՅԷՆ ԴԱՄԱՍԿՈՍ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Քաթարի իշխան շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի եւ անոր ընկերակցող սուրիական պատուիրակութեան հետ: Անոնք քննարկեցին Սուրիոյ վերջին զարգացումները: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանին, որ կը գլխաւորէ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յանձնախումբը: Մոալլեմի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Սուրիա վերադարձաւ առանց  Արաբական լիկայի ծրագիրին շուրջ պատասխան մը տալու: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց սուրիական պատուիրակութիւնը այդ քայլին դիմած է` իր երկրին պատասխանը Դամասկոսէն յայտարարելու նպատակով: Մոալլեմ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին Տոհայի հանդիպումներուն մասին զեկուցում մը ներկայացուց:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարութիւնը լիկայի անդամ երկիրներուն հրաւէր ուղղեց չորեքշաբթի օր Սուրիոյ կացութեան շուրջ նախարարական մակարդակով նիստ մը գումարելու:

Քուէյթեան «Քոնա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ արաբական դիւանագիտական աղբիւր մը յայտնած է, որ Սուրիոյ հարցին հետեւելու լիազօրուած եւ Քաթարի գլխաւորած յանձնախումբը ժողովին զեկուցում մը պիտի ներկայացնէ անցեալ հինգշաբթի օր Դամասկոսի մէջ եւ երեքշաբթի օր Տոհայի մէջ իր առաքելութեան շուրջ:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտնած է, որ կիրակի օր Տոհայի մէջ լիկայի յանձնախումբին կողմէ սուրիական պատուիրակութեան յանձնուած ծրագիրի կէտերէն է «զինուորութիւնը հեռացնել (փողոցէն) եւ բռնարարքները անմիջապէս դադրեցնել, որպէսզի սուրիական հանրութեան հաւաստիութիւն եւ մտահոգութիւններ փարատող պատգամ մը տանք»` աւելցնելով, որ ծրագիրը նաեւ կը բովանդակէ հետեւեալ կէտը. «Գահիրէի մէջ ընդդիմութեան հետ երկխօսութեան հոլովոյթի սկսիլ»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES