ՌՈՒՍԻԱ – ՎՐԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Ռուսիա համաձայն գտնուած է, որ իր եւ Վրաստանէն անջատուած երկու շրջաններու` Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ սահմանին վրայ տեղակայուին միջազգային դէտեր, որոնք առեւտուրին պիտի վերահսկեն:
Մոսկուա երէկ յայտարարած է, որ կ՛ընդունի Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ ներկայացուած այդ ծրագիրը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը տեղեկացնէ, որ նախապէս առաջարկին համաձայն գտնուած էր նաեւ Թիֆլիս` խոստանալով ատոր իրագործման պարագային այլեւս չարգելակել Ռուսիոյ` Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան անդամակցութիւնը:
18 տարի տեւած ապարդիւն բանակցութիւններէն ետք Քրեմլին այժմ կը յայտարարէ, որ մինչեւ տարեվերջ կրնայ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան անդամակցիլ:
CATEGORIES Միջազգային

