ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅ-ՀՆԴԿԱԿԱՆ ՄԻՋԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԻՍՏ
Երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ առեւտուրի, տնտեսական արհեստագիտութեան, գիտութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ համագործակցութեան հայ-հնդկական միջկառավարական յանձնախումբի 5-րդ նիստը: Համանախագահողներն էին Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Մանասարեան եւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Արեւելքի քարտուղար Սանճայ Սինկ:
Նոյն օրը տեղի ունեցաւ նաեւ հայ-հնդկական գործարար համաժողովը:
Միջկառավարական նիստի եւ գործարար համաժողովի միացեալ նիստին ընթացքին, Հայաստանի Արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան եւ Հնդկաստանի Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատներու դաշնակցութեան միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը` Հայ-հնդկական գործարար խորհուրդի ստեղծման մասին:
Միջկառավարական յանձնախումբի նիստը քննարկեց հայ-հնդկական համագործակցութեան վերաբերեալ բազմաթիւ խնդիրներ` առեւտուրի, տնտեսական, տեղեկատուական, արհեստագիտութեան, գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան, զբօսաշրջութեան, գիտութեան եւ արհեստագիտութեան, ինչպէս նաեւ մշակոյթի եւ կրթութեան մարզերուն մէջ: Համաձայնութիւն գոյացաւ համագործակցութեան հետագայ ծրագիրներուն շուրջ:


