ԱՐՑԱԽ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՏՈՂ ԳԻՒՂԻ ԱԶԱՏԱԳՐՄԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան նախանցեալ օր այցելեց Հատրութի Տող գիւղը եւ մասնակցեցաւ գիղի ազատագրման 20-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկին:
Իր խօսքին մէջ նախագահը նշեց, որ Տողի ազատագրումը կը հանդիսանայ ազգային ազատագրական պայքարի առաջին յաղթանակներէն մէկը, որ կարեւոր էր զինուորական եւ պատմական տեսանկիւնէն: Նախագահ Սահակեան այդ յաղթանակը որակեց իբրեւ հետագայ յաղթանակներու նախերգանք:
Բակօ Սահակեան պետական պարգեւներ յանձնեց Արցախի սահմանները արիութեամբ պաշտպանած խումբ մը անձերու:
Ձեռնարկին կը մասնակցէին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ հիւրեր Հայաստանէն ու սփիւռքէն:
CATEGORIES Հայկական

