«ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ 50 ԱՌ ՀԱՐԻՒՐԷՆ ԱՒԵԼԻ ՁԱՅՆԵՐ ՀԱՒԱՔԵԼ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Անդրադառնալով Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի այն յայտարարութեան, թէ ով որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան հետ չհամագործակցի, պիտի յայտնուի կոտրած տաշտի առջեւ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ ընկալած է, այն ինչ որ ըսուած էր:
Դաշնակցական գործիչը նշեց, որ առաջին անգամը չէ, երբ Հանրապետական կուսակցութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու յայտարարութիւններէն ետք հերքելու կամ բացատրելու անհրաժեշտութիւն կը յառաջանայ: Ըստ Յովհաննիսեանի, այսպիսի պահուածք կրնայ 2 բան նշանակել. կա՛մ կ՛ըսեն այն, ինչ որ կը մտածեն եւ յատուկ գայթակղութեան բնոյթ կու տան, կա՛մ ալ անզգուշ են:
Յովհաննիսեան յորդորեց, որ «տաշտը իրենց մնայ»` աւելցնելով, որ համագործակցութեան անուան տակ Հանրապետական կուսակցութիւնը կը հասկնայ հլու-հնազանդ ըլլալը:
«Թոյլ չենք տար, որ ոեւէ մէկը այս երկրին մէջ, սխալներ թոյլ տալով հանդերձ, հեզասահ իշխէ», նշեց ան: Ան աւելցուց, որ եթէ Հանրապետական կուսակցութիւնը համագործակցելու ցանկութիւն ունենար, կը համագործակցէր Ազրպէյճանի` ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ դառնալուն դէմ:
Վ. Յովհաննիսեան յայտնեց, որ վարչապետին համագործակցութիւն ըսածը ենթարկուիլ կը նշանակէ:
Անդրադառնալով համաձայնական դաշինքի յուշագիրին` դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց, որ երբ կը նշուի, թէ կուսակցութիւնները պիտի չպայքարին, ասիկա կը նշանակէ, որ համաձայնական դաշինքի միւս ուժերուն ստիպած են ընդունիլ Հանրապետական կուսակցութեան դերը: Ըստ Յովհաննիսեանի, այսպիսի պահուածք ընդունելի չէ, ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ հասարակութեան համար:
Ան վստահեցուց, որ հասարակութեան աշխուժութիւնը պէտք է կոտրէ ոմանց տաշտը, որպէսզի հասկնան, թէ ի՛նչ լուրջ սխալի առիթ տուած են:
Վահան Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ նախագահի պաշտօնազրկումին հասնելու համար Ազգային ժողովին մէջ պէտք է առաւելութիւն ունենալ: Ըստ անոր, խորհրդարանին միջոցով որակական փոփոխութիւններ ապահովելու համար պէտք է քանակական առումով մեծ ներկայութիւն ապահովել: Ան նաեւ աւելցուց, որ ճիշդ աշխատելու պարագային ընդդիմութիւնը խորհրդարանին մէջ կրնայ 50 առ հարիւրէն աւելի ձայներ հաւաքել:
Ըստ անոր, խնդիրը այն է, որ երեք նախագահներուն փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ կառավարման նախագահական համակարգը Հայաստանի համար թունաւոր է, երբ նոյնիսկ ամէնէն փոքր հարցերը կը լուծուին նախագահի ծիրին մէջ:
Անդրադառնալով Դաշնակցութեան կողմէ այլ ուժերու հետ հաւանական համագործակցութիւններուն` Վ. Յովհաննիսեան նշեց, որ համագործակցութեան առաջարկ եղած է, բայց չուզեց նշել, թէ ո՛ր ուժերը այդ հարցով դիմած են:


