ԸՍՏ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԻ ՄԸ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՍԿՍԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՅԱՐՄԱՐ ՊԱՀՈՒ ԿԸ ՍՊԱՍԷ
Ազրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Սահիպ Ալիեւ ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» կայքէջին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Ազրպէյճան պատերազմի սկսելու համար միջազգային յարմար պայմաններու ձեւաւորման կը սպասէ:
Ընդգծելով, որ Ազրպէյճան կրնայ առանց Թուրքիոյ բանակին աջակցութեան ջախջախել հայկական բանակը, ազրպէյճանցի երեսփոխանը միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունի բոլոր մարզերը ընդգրկող երկարատեւ զինուորական համագործակցութիւն:
«Առայժմ Ազրպէյճան կը փորձէ տագնապը լուծել խաղաղ ճամբով. ամէն պարագայի, եթէ թշնամիի կորուստները 5-6 անգամ աւելի ըլլան, միեւնոյնն է, պատերազմ կը նշանակէ կորուստներ: Հիմա, եթէ պատերազմ սկսի, այնքան կարեւոր չէ` Թուրքիա Ազրպէյճանի պիտի աջակցի՞, թէ՞ ոչ: Ատիկա կարեւոր էր 2000-ական թուականներուն: Իսկ հիմա Ազրպէյճան ընդունակ է հայերը բռնագրաւուած տարածքներէն դուրս շպրտելու: Պատերազմի սկսելու համար Ազրպէյճան ուղղակի կը սպասէ միջազգային պայմաններու ձեւաւորման», ըսած է Սահիպ Ալիեւ` նշելով, որ եթէ Ազրպէյճան պատերազմի պիտի սկսի, ան պիտի չանտեսուի միջազգային հանրութեան կողմէ:
«Որովհետեւ ՄԱԿ-ի համապատասխան յօդուածին մէջ կը նշուի, որ բռնագրաւումի ենթարկուած երկիրը կրնայ իր հողերը որեւէ միջոցով ազատագրել: Այսինքն, իր հողերուն ազատագրման համար Ազրպէյճանի կողմէ պատերազմի սկսիլը, ըստ միջազգային իրաւունքի, ճիշդ է եւ արդարացի», ըսած է ազրպէյճանցի երեսփոխանը:


