ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ 99 ԱՌ ՀԱՐԻՒՐՈՎ ԿԸ ԲԱՑԱՌԷ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԻՆ ՀԵՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Արտաշէս Շահպազեան նախընտրական դաշինքներու մասին քննարկման ժամանակ երէկ յայտարարեց, որ համաձայնական կառավարութեան մաս կազմելը Դաշնակցութիւնը չէ կաշկանդած պահպանելու իր ինքնուրոյնութիւնը եւ իբրեւ որոշակի արժէքներ դաւանող կուսակցութիւն` անիկա շատ յաճախ նաեւ քննադատած է իշխանութիւնները:

Խմբակցութեան քարտուղարը նաեւ նշեց, որ Դաշնակցութիւնը համաձայնական կառավարութենէն դուրս եկաւ, քանի որ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն առումով գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները անլուծելի դարձան, եւ անկարելի էր համաձայնութեան գալ:

Անդրադառնալով նախընտրական հոլովոյթներուն` Ա. Շահպազեան նշեց, որ հիմա իշխանութիւնը խիստ կեդրոնացած է եւ հանրապետականացած: «Եթէ այսպէս շարունակուի, Հայաստանին տխուր ապագայ մը կը սպասէ, քանի որ ընտրութիւններէն ետք մենք պիտի ունենանք մեր ունեցածէն աւելի վատը», յայտարարեց դաշնակցական պատգամաւորը:

Ան նախատեսեց, որ ընդդիմադիր ուժերը յաջորդ խորհրդարան երթան առանձին-առանձին եւ խորհրդարանին մէջ յայտնուին Դաշնակցութիւնը, Ժառանգութիւնը եւ Հայ ազգային քոնկրեսը, իսկ իշխանական համաձայնական դաշինքին մաս կազմող ուժերը միասնաբար պիտի երթան խորհրդարան:

Դաշնակցական պատգամաւորը 99 առ հարիւրով բացառեց Հայ ազգային քոնկրեսին հետ համագործակցութիւնը: Ըստ անոր, երկրին համար օգտակար, արդիւնաւէտ պիտի ըլլար եւ թերեւս քաղաքական պահանջ ալ կար կեդրոնական մէկ դաշինքի ձեւաւորման: Ան յայտնեց, որ ատիկա պայմանական կրնայ կոչուիլ, օրինակ` ընկերային-հայրենասիրական դաշինք, որ մտահոգուած պիտի ըլլայ երկրին խնդիրներով: Ան նշեց, որ այս պարագային խորհրդարանին մէջ յայտնուելու կարելիութիւն պիտի ունենան նաեւ այն ուժերը, որոնք այսօր դուրս մնացած են քաղաքական դաշտէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES